
Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ Համազգայինի Գրական միաւորին կազմակերպութեամբ՝ Հինգշաբթի, 10 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ (ընկերային ժամը՝ 5:30էն) տեղի պիտի ունենայ դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի «Սահմանելի» խորագրեալ գիրքին շնորհահանդէսը՝ Համազգային «Արիս Սթամպօլեան» մշակութային կենդրոնին մէջ, որուն հասցէն է՝ 1524 Cañada Blvd. Glendale, CA 91208։
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութեան պահ մը։