

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
ՔԱՂՑՐԱՀԱՄ ԲԱՌԸ

Զոյգ էին անոնք, կախուած՝ նոյն ծիլէն: Անոնք կաս-կարմիր քաղցրահամ կեռասներ էին՝ գրաւիչ: Հատ մը կերայ՝ համը մնաց բերանս: Միւսը տուի բախտաւորին: Գեղեցկուհին քովիկս քնացաւ: Շրթունքը կաս-կարմիր էր: Անուշ հիւթով իր կեռասը ներկած էր զայն: Արդեօք, մտածեցի, կեռաս բառին պատմութի՞ւնն ալ նոյնքան քաղցրահամ էր…։ Որոշեցի քալել հայոց լեզուի մրգաստանին մէջ: Փնտռեցի գրական կեռասներ՝ քերթուածի մը տողէն կախուած, կամ՝ երգի մը լարէն: Ապա, քաղած կեռասներս հաւաքեցի զամբիւղի մը մէջ, որպէսզի դուք ալ վայելէք անոր համը:
ԿԵՌԱՍՈՆ ՔԱՂԱՔԻ ՆՈՒԷՐԸ
Հռովմէական պատմութիւնը մեզի կարծել տուաւ, թէ «կեռաս» բառը ծագած է Կեռասուս (այժմ՝ Giresun) քաղաքի անունէն: Հռովմէացիներն էին, որ Լուկուլլուսի արշաւանքներուն ժամանակ Պոնտոսի ափերուն ծանօթացան անոր, զայն Հռոմ տանելով տարածեցին ամէն կողմ: Լուկուլլուսը, մեծահարուստ եւ բարձրաճաշակ հրամանատար, իր շռայլ կոչունքներու ժամանակ ճոխ սեղանի վրայ հպարտութեամբ ցուցադրեց իր նուաճած հեռաւոր երկրին պտուղը, ինչպէս նաեւ ծիրանը, զոր բերեր էր Հայաստանէն, երբ Տիգրան թագաւորին ճաշակել տուաւ մեծ պարտութիւն մը: Այնուհետեւ, կեռաս պտուղը եւ անոր անունը կշտացուց եւրոպական բազմաթիւ լեզուներ. cerasus, cereza, ciriegia, cerise, cherry, chirsa, Kirshche, cseresznye, kirsi, kirs, kiraz, gilas, եւ այլն: Աւա՜ղ, այսօր ստուգաբան այրեր համոզուած են, թէ բառը ունի փոքրասիական ծագում եւ բոլորովին այլ ստուգաբանութիւն:
ՊՏՂԱԲԵՐ ԲԱՌ ՄԸ
Ընտիր է պտուղս: Հայերս մինչեւ 12րդ դար սպասեցինք, որ անոր ներկայութիւնը վայելենք մայրենիին մէջ: Պտոյտիս ընթացքին, դարաւոր ծառերու մէջ ես հանդիպեցայ անոր ամենահին արտայայտութեան. «Ի կեղեւոյ կեռասի ծառոյ»: Հասկցայ, թէ նոյնքան հազուագիւտ են անոր պտուղները. ընդամէնը հինգ-վեց բարդ բառ, ինչպէս՝ կեռասանման, կեռասաչափ, կեռասեայ, կեռասնոց, կեռասչիր: Զամբիւղիս մէջ դրի բանաստեղծական ածական մը՝ կեռասէ- կարմրաւուն շուրթեր: Մտածեցի, թէ սէրը բորբոքելու համար պէտք էր նաեւ քաղցրաբոյր բաժակ մը, ու հետս առի շիշ մը կեռասօղի: Պարտէզին մէջ, երբ հիացիկ կը ճեմէի, դէմս ելաւ միջնադարեան քառեակ մը: Զգացի, թէ հեղինակը դժգոհ էր կեռասի անզգամութենէն. «Ա՜յ իմ հայվայի կեռաս…/ Քանի ես ի քեզ կու գամ, / Դուն ինձմէ հեռուն կու կենաս»: Միջնադարուն կարելի էր նաեւ, որ ձեր դէմը ելլեր հայուհի մը, անունը՝ Կեռաս, սիրուած անուն մը, որ երկու անգամ յիշուած է Կեսարիոյ եւ Սեբաստիոյ մէջ:
ԹԱՍ ՄԸ ԿԻԼԱՍ
Միայն Կեռասոն քաղաքին մէջ չէ՛ որ աճեցաւ պտուղս: Հայկական բարձրավանդակին մէջ Վանէն Զէյթուն, Սեբաստիայէն Մուշ, Ապրիլ-Մայիսին, տարբեր մեծութեամբ, հիւթալի, կլոր, երբեմն՝ բութ, սրտանման կորիզով, իր կարմիր, վարդագոյն, դեղին կամ սեւ, իր քաղցր եւ քաղցրաթթուաշ համով յայտնուեցաւ անիկա: Հապա՞ անոր անունը… Տեսակ-տեսակ… Սեբաստիոյ պարտէզներուն մէջ՝ գէռաս, Մշոյ դաշտերուն վրայ՝ գըռյազ, Խարբերդի ոլորաններու ուղղութեամբ՝ գիյրազ, Զէյթունի անմատչելի լեռներէն վեր՝ գէռօս: Այնտեղէն ո՛չ շատ հեռու, Մուսա Լերան վրայ՝ քրուզ: Ապա, մտէ՛ք Վան: Նստեցէք հովանուտ սարփինայի – կամ արիշի – տակ, ու իբրեւ Աստուծոյ հիւր՝ գիւղի երեխաները ձեզի պիտի փութան հրամցնել թաս մը գիլազ: Քիչ մը զովացէք եւ վայելեցէք այդ գիլազը, այնուհետեւ ես ձեզի կը պատմեմ 400 տարի առաջ Վան քաղաքին մէջ իր տիրոջ կեռասները պաշտպանելու համար նահատակուած հայուհիին պատմութիւնը:
ՍՐԲՈՒՀԻ ՍԻՐՈՒՆԸ
Վասպուրականի Ալիւր գիւղէն էր տիկին Սիրուն Գնունին: Կարօտ վիճակի մէջ ըլլալով՝ վանեցի այլազգի մը տան մէջ սկսաւ աշխատելու իբրեւ սպասուհի: Օր մը, գարնան անուշ եղանակ էր, Խլաթի կողմերէն բեռ մը կեռաս կը բերէր իր տիրոջ համար: Վան քաղաքին մէջ անոր վրան ինկան՝ կեռասը յափշտակելու համար: Սիրունը պաշտպանեց իր տիրոջ կեռասը: Վանեց զանոնք, քար նետեց անոնց վրայ: Տէրը եկաւ եւ փրկեց Սիրունը: Սակայն, չխաղաղեցաւ քաղաքը: Կալանեցին Սիրունը: Վրէժ պահանջեցին: Դատաւորը եւ միւֆթին զայն անպարտ արձակեցին ու Սիրունը ուղարկեցին Ալիւր: Սակայն մոլեռանդներու երեք հարիւրնոց խումբ մը հաւաքուեցաւ, եկաւ Ալիւր: Խեղճ կինը քաշկռտեցին Վան: Պարտադրեցին, որ ուրանայ իր կրօնքը: Ի դէմ անասելի խոշտանգումներու, Սիրունը հաստատ մնաց իր քրիստոնէական հաւատքին: Ամբոխը բարակ չուանով բազուկները պրկեց, ծեծեց, կռփահարեց Սիրունը: Չարչարանքը տեւեց քսան օր: Սիրունը մնաց անայլայլ: Վերջապէս, զայն դաշունահարեցին, ապա քարկոծեցին: Այսպէս նահատակուեցաւ Սիրունը, Վան քաղաքի Նալբանտանոցի շուկային մէջ, 5 Օգոստոս 1655ին: Սիրունի յիշատակը անցաւ Յայսմաւուրքին (ՅԱՍ. Բ. 62): Բայց ես, կը յիշէ՞ք, ճամբայ ելած էի կեռասի սիրոյ պատմութիւնները լսելու համար: Այդ մէկն ալ գտայ Վան քաղաքին մէջ… Լսենք Նահապետ Քուչակի երգը:
ՈՒՆԵՐԴ Ի ԿԵՌԱՍ ՆՄԱՆ
Վանայ ջերմ գարուն էր: Աշուղ Քուչակը հանդիպեցաւ գեղեցկուհիի մը: Ան չունէր աժող (վայելող) տէր: Կեանքը սեւով կ՛անցնէր: Հագածը սեւ էր: Երեսն էր սեւ «խանզար» (ածուխի մանրուք): Իսկ յօնքե՞րը… Սեւ-սեւ երկու կեռաս: Այդ աղջիկը անցաւ գնաց, մնաց Քուչակի քաղցրահամ երգը. «Երեսդ ի խանզար նմանակ, ի խոնչին մէջն շինած է. / Ուներդ ի կեռաս նման եւ ի խոնչին մէջն շարած է. / Աւա՜ղ ու հազար բերան, տէր չունիս որ զքեզ աժէ, / Օմրիկդ (կեանքդ) է սեւով անցեր, ժամանկիկդ՝ որ մարդ չիգիտէ»: Ապա, Ղեւոնդ Ալիշանը նկատեց կեռասի գեղեցկութիւնը եւ գրի առաւ զուարթ տողիկ մը. «Գարնանագեղ կեռաս բոլոր / Զիա՞րդ թափէր գլոր-գլոր»: Ժագ Սայապալեան «Կանացի Վրէժ» նորավէպին մէջ նկարագրեց կնոջ դիմաց անտարբեր երեւցող, բայց ներսը կատաղի պայքար եւ առնական աւիւնին մէջ զգլխիչ տենչ զգացող մարդը. «…Զգլխիչ տենչ մը կը զգար գրկելու այդ գեղեցիկ կինը, այդ խարտեաշ մազերը, համբուրելու անոր պարանոցը, կեռաս բերանը…»: Կեռաս բառը իր գրական բարձրագոյն վերելքին հասաւ 1947 թուականին, երբ լոյս տեսաւ Կարսի մէջ ծնած բանաստեղծ Ղեւոնդ Կոմունիի «Արիւնոտ Կոհակներ» ժողովածուն: Այդ գիրքին մէջ, յարգելի ընթերցող, կը գտնէք հիւթեղ արտայայտութիւններ: Այժմ մտնենք մեր հայրենակից Կոմունիի մրգաստանը: Մի՛ տատամսիք, եկէ՛ք ներս: Այդ պարտէզին մէջ գրասէր հիւրերուն արտօնուած է զոյգ-զոյգ կեռասներ քաղել, մէկը ձեզի, միւսը՝ ձեր բախտաւորին. «…Աղջիկներն են ծաղկում կեռասենու նման: Ես սիրում եմ գարնան ծաղկած կեռասենին / Որ նման է պայծառ-պայծա՜ռ մի աղջկայ…»: Դուք լսեցի՞ք թեթեւազգեստ կոյսերու զուարթ ձայնը: Բարեխնամ պարտիզպան Կոմունին կը սիրէ նաեւ զրուցել իր կեռասենիներուն հետ. «Կեռասենի: Ես քեզ սիրեցի, մայրութեան իմ ծառ»: Կոմունիի համար կեռասը նաեւ հայրենական յոյսի ծառ է. «Հայրենիքիս: Ի՞նչ տամ հիմա քեզ նորից… Ես քեզ կը տամ ծաղկավառ կեռասենին իմ երգ»ջ: Կոմունին մաղթեց նաեւ, որ անոնք հայրենի հողի վրայ միշտ ծաղկին. «Ծիծաղեցէ՛ք, ծիծաղեցէ՛ք, իմ ծառեր, / Կեռասենիք, իմ հայրենի այգու մէջ»:
ԿԵՌԱՍ Է ՇՈՒՐԹԸ ՔՈ
Հայկական գրական կեռասուտի մէջ հեշտալուր եղանակ մը հեռուէն կանչեց զիս: 1924 թուականին, Սեւ Ծովու վրայ, Կեռասոն քաղաքի հանդիպակաց ափին վրայ՝ Խրիմի Սուդակ քաղաքին մէջ մշակուած ռոմանս էր անիկա՝ «Սարի կեռաս է շուրթը քո»: Իսկ ո՞վ գրեց Ալեքսանդր Սպենդիարեանի այդ գողտրիկ երգի խօսքերը. երգահանի աւագ դուստր, 23 տարեկան բանաստեղծուհի եւ թարգմանչուհի Թաթիանան: Կը յիշէ՞ք, յարգելի ընթերցող, Սուդակի իր ամառանոցին մէջ էր, որ Սպենդիարեան այդ երգի յօրինումէն տարի մը առաջ աւարտած էր «Ալմաստ» օբերան:
ԿԵՌԱՍՈՎ ՓԱՅԼԵՑՈՒՑԻ ԱՉՔՍ
Կշտացա՛նք: Քաղցր էր հայկական կեռասը եւ անոր գրական պատմութիւնը: Բազմաթիւ բարիքներ ալ քաղեցինք անկէ, քանզի, կեռասը խորհուրդ կու տան երկաթի պակաս ունեցող մարդոց: Եթէ դուք ունիք մաշկային խնդիրներ, կեռասն է նաեւ օգտակար: Իսկ տեսնենք, 15րդ դարու հայ բժիշկ եւ դեղագէտ Ամիրտովլաթ Ամասիացի ի՛նչ գրած է կեռասի մասին. «Լաւն այն է որ քաղցր լինի… Լուծումն կ՛առնէ… Խէժն յաչքն քաշեն՝ աչաց ճլէ (հաւանաբար՝ փայլ) տայ… Տերեւն որ եփած լինի՝ զնուզլան (հարբուխ) խափանէ… Խէժն օգտէ հազին եւ արուն թքնելուն եւ թոքին խոցերուն… Քաղցրն՝ զփորն կու լուծէ… Զչորն թրջեն եւ զջուրն խմեն՝ զսաֆրային սրութիւնն տան… Խէժն կակղացնող է. եւ զքարն կու հալէ»:
ԿԵՌԱՍԻ ՍԻՐՏԸ
Հիմա աղուոր գարուն է: Հայրենի գիւղերուն մէջ իրենց ճիւղերէն կախուած են զուարթուն կեռասներ: Կասկած չկայ, թէ սիրահար զոյգ մը անոնց շուքին տակ կը վայելէ անոր պտուղը, համբոյր մըն ալ դրոշմելով կարմիր շուրթերուն: Իսկ մեզի համար, յարգելի ընթերցող, հրաժեշտի ժամն է: Նոյն արահետով կրնանք վերադառնալ: Իսկ երբ հասնինք դարպասը, չմտածենք, թէ քանի քիլօ կեռաս հաւաքած ենք: Ո՛չ վանեցի Քուչակ, ո՛չ Ալիւրեցի Սիրուն, ոչ ալ պոնտացի Սպանդիարեան հատուցում պիտի ակնկալեն, ինչպէս Գառնի գիւղի այն հիւրասէր տանտէրը, որ անցեալ Յունիսին իմ տասնչորս աշակերտներս պարտէզ հրաւիրեց. «Առի՛ք, առի՛ք, իմ կեռասները լաւն են, մի՛ ամաչէք, քաղեցէք, բարի էք եկել հայրենիք»: Մարդը վիրաւորուած էր, երբ աշակերտներս – անփորձ երեխաներ – հարցուցած էին. «Քանի՞ տոլար պէտք է վճարել»:
***
Կեռասը սիրոյ պտուղ է: Ուստի, այսօր ես կ՛առաջարկեմ սիրոյ գեղջուկ երգով մը հրաժեշտ տալ անոր պատմութեան: Իսկ յաջորդ յօդուածիս մէջ, մենք պիտի այցելենք պառաւ գնչու մը, որպէսզի ան մեկնաբանէ մեր երազները, իսկ մենք ալ փորձենք մեկնաբանել «գնչու» բառը:
«Հունձքի երգ
Մեր տանը դէմ՝ հասած գարի,
Քանի քաղեմ՝ հովը տանի:
Երկու կաքաւ մէջ կը բանի՝
Մէկն իմ եարիս շատ նմանի:
Աչքը, ունքը թառը քաշած,
Երեսները վարդ նմանի:
Այդ իմ յարս է սրտով սիրած,
Շրթներն ալ կեռաս նմանին»: