
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ քոնկրեսական Տինա Թայթըսի առաջնորդութեամբ՝ քոնկրեսականներ Կաս Պիլիրաքիս, Թետ Լիու եւ Տէյվիտ Վալատաօ 1 Ապրիլին Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուցին երկկուսակցական բանաձեւ մը, որ Քոնկրեսի գրադարանի ղեկավարութեան կոչ կ՛ընէ՝ Միացեալ Նահանգներու հանրային դպրոցներուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Օսմանեան կայսրութեան այլ փոքրամասնութիւններու դէմ սպանդներու մասին դասաւանդումի ծրագիրը իրականացնելու։
Բանաձեւը հինգ տարուան ընթացքին 10 միլիոն տոլար պիտի յատկացնէ այս նպատակին։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց այս քայլը՝ շեշտելով, որ մինչ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը յիշուի, աշխատանք կը տարուի 2023ի Արցախի ցեղասպանութեան հետեւանքները շրջելու։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց յատկապէս քոնկրեսական Թայթըսին՝ այս նախաձեռնութեան դիմելուն համար, ինչպէս նաեւ անոր զօրակցող միւս քոնկրեսականներուն։
Բանաձեւին ծանօթանալու համար այցելել կայքէջը, իսկ բանաձեւին ի նպաստ Հայ Դատի պատրաստած զեկոյցին համար՝ այս կայքէջը։

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Օշին Յարութիւնեան եւս շնորհակալութիւն յայտնեց քոնկրեսական Թայթըսին, որ նաեւ 2020ին Արցախի եւ Հայաստանի դէմ պատերազմական ոճիրներ գործած ու 2023ի Արցախի ցեղասպանութեան պատասխանատու ատրպէյճանցի ղեկավարներուն դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու բանաձեւը ներկայացուց։
Նշենք, որ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնած Հայ Դատի ջատագովման օրերուն (1էն 2 Ապրիլ) ընթացքին, Հայ Դատի առաւել քան 100 գործիչներ յառաջ մղեցին Հայ Դատի շարք մը առաջնահերթ հարցեր՝ հանդիպումներ ունենալով օրէնսդիրներու եւ անոնց ներկայացուցիչներուն հետ։ Այդ առաջնահերթ հարցերուն ծանօթանալու համար այցելել կայքէջը։