Երեքշաբթի, 25 եւ Չորեքշաբթի, 26 Մարտին, հերթական հանդիպումներու շրջագիծին մէջ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Ազգային առաջնորդարանին մէջ հիւրընկալեց Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանը եւ Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանը ու միասնաբար ունեցան երկօրեայ աշխատանքային նիստեր:
Հանդիպումին առիթով, երկու առաջնորդները շնորհաւորեցին Գեղամ արքեպիսկոպոսին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմին առաջնորդ ընտրութիւնը:
Մնայուն օրակարգերու եւ ընթացիկ աշխատանքներու կողքին, առաջնորդները յատուկ կերպով անդրադարձան նաեւ նոր հարցերու, ինչպէս՝ Արամ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 30ամեակին նուիրուած փառաշուք հանդիսութիւններու կազմակերպումը Հիւսիսային Ամերիկայի համայնքներուն մէջ, վեհափառին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմ հովուապետական այցելութիւնը եւ արժանաւոր ընդունելութեան վերաբերող աշխատանքային ծրագիրներու համադրումը, հայրապետին կողմէ 2025ը աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի հռչակումը եւ հռչակագիրին մէջ ընդգրկուած կէտերու իրականացման ձեւերը, նաեւ հայ համայնքները յուզող ընկերաբարոյական զանազան մտահոգութիւններ եւ այլն:


Չորեքշաբթի առաւօտեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Միջինքի արեւագալի արարողութիւնը՝ հանդիսապետութեամբ երեք թեմակալ առաջնորդներուն: Հոգեւոր պատգամը փոխանցեց Բաբգէն արք. Չարեան:
Կէսօրին, Գեղամ արքեպիսկոպոսին տնօրինումով, Միջինքի սիրոյ սեղանին մասնակից դարձան նաեւ լոսանճելըսաբնակ հոգեւոր հայրերը: Յետ աղօթասացութեան, հոգեւոր հայրերը նաեւ միասնաբար համտեսեցին պահոց աւանդական ուտելիքները, ապա ծաւալեցին դաստիարակիչ եւ ուսուցողական զրոյց մը՝ լուսաբանելով եկեղեցական եւ ծիսակատարական հարցեր: Յատուկ ուշադրութեան արժանացաւ ամէնօրեայ վարժարաններու աշակերտներուն համար ժամանակակից եւ արդի մօտեցումով կրօնի դասագիրքեր պատրաստելու անհրաժեշտութիւնը․ արձանագրուեցան համապատասխան առաջարկներ: