Մինչ միջազգային փրկարար ջոկատներ սկսան հասնիլ, տեղական իշխանութիւնները Երկուշաբթի օր հաղորդեցին, թէ Ուրբաթ օր Միանմարը հարուածած 7.7 ուժգնութեամբ երկրաշարժին զոհերու թիւը անցած է 2000ի սահմանը, սակայն, Երկուշաբթի օր կարելի եղաւ նաեւ առնուազն 4 վերապրողներ դուրս բերել աւերակներու տակէն։ Հարիւրաւոր ուրիշներ անհետացած են, իսկ վիրաւորներու թիւը մօտաւորապէս 3900 է։
Նոյն երկրաշարժին պատճառով առնուազն 19 անձեր մահացան Թայլենտի մէջ եւ 78 ուրիշներ անհետացած կը մնան։