Լոսանճելըսեան հրդեհներուն պատճառով, Յունուարին տեղի ունենալիք Արամ Սեփեթճեանի յիշատակի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 20 Մարտի երեկոյեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի «Արմէն Համբար» սրահին մէջ: Հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր առաջնորդարանի «Զուարթնոց» մշակութային յանձնախումբին եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին կողմէ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Զուարթնոց» յանձնախումբի ատենապետ եւ օրուան հանդիսավար տոքթոր Սիմոն Սիմոնեան՝ ներկայացնելով Սեփեթճեան լիբանանահայ գրողը, խմբագիրը, հրապարակագիրը եւ հրապարակախօսը:
Յովհաննէս սրկ. Գումրուեան ընթերցեց «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն դոկտոր Սուրէն Դանիէլեանի վկայութիւնները Արամ Սեփեթճեան արձակագիրին մասին, գրուած՝ այս առիթով: Անոր խօսքը մեծապէս տպաւորեց հանդիսականները: Իսկ ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի շրջանաւարտ դասարանի աշակերտ Միհրան Մօզեան ընթերցեց հատուած մը «Ես Սեւ Եմ… Բայց Գեղեցիկ» վիպակի նախերգանքէն, արժանանալով ներկաներուն բարձր գնահատականին: Երիտասարդ դաշնակահարուհի Նանօր Տէր Պետրոսեանի մատներու սահուն շարժումները մշակութասէր հանրութիւնը տարին հայ հին աշխարհ՝ Կոմիտաս-Սարաճեանի «Հաբրբան»ի հնչիւններուն տակ:
Գլխաւոր երկու բանախօսներն էին Երեւանի Պետական համալսարանէն շրջանաւարտ մտաւորական երկու անձնաւորութիւններ՝ Լիլիթ Քէհէեան եւ մեծարեալին որդին՝ Հրաչ Սեփեթճեան:
Քէհէեան, իր գեղահիւս հայերէնով ներկայացուց Արամ Սեփեթճեան արձակագիրը: «Անլոյս Գիշերներ», «Կեանքի Կարօտով», «Ողջակէզ», «Ես Սեւ Եմ… Բայց Գեղեցիկ» եւ «Հող Եւ Մորմոք» օրագրութիւններու, կարճ պատմուածքներու եւ վիպակներու ընդմէջէն, Քէհէեան քաղած էր գլխաւորը՝ սփիւռքահայու տառապանքը, տուայտանքը, ապրելու, արարելու, գոյատեւելու իբրեւ մարդ եւ իբրեւ հայ, աշխարհատարած տարբեր երկինքներու տակ: Սեփեթճեանի բոլոր հերոսները «նոյն լեզուն» կը խօսին, տարբեր պայմաններու տակ, տարբեր իրավիճակներու մէջ. այդ լեզուն վերապրողի լեզուն է, որ յարգելի բանախօսը ճշգրտօրէն բնութագրեց: Քէհէեան անդրադարձաւ նաեւ Սեփեթճեանի լեզուական եւ ոճական առանձնայատկութիւններուն, խնամուած հայերէնին, յաջողելով գրողը ներկայացնել ամփոփ ու խիտ տողերու մէջ:
Հրաչ Սեփեթճեան ներկայացուց Սեփեթճեան հրապարակագիրը: Ան անդրադարձաւ հիմնականին մէջ «Անի», «Շիրակ», «Խօսնակ», «Կամար» եւ «Զարթօնք» լիբանանահայ մամուլին մէջ տարածուած Արամ Սեփեթճեանի գրախօսականներուն, ազգային-գաղափարախօսական յօդուածներուն, հրապարակագրական ելոյթներուն, որոնք վերջին տասնամեակին ամփոփուած էին «Ժամանակայոյզ Խոհեր», «Բանաստեղծութիւնը Տագնապին Ընդմէջէն», «Գրական Հանդիպումներ» եւ «Ձայներ Լռութեան Մէջ» հատորներուն մէջ:
Արամ Սեփեթճեանի տիկնոջ՝ Մելինէ Սեփեթճեանի սրտի եւ շնորհակալական խօսքը ընթերցեց ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի հայոց լեզուի ուսուցչուհի Մարալ Ոսկեան:
Ապա, փակման խօսքը կատարեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան: Ան անդրադարձաւ Արամ Սեփեթճեան բարեկամին, գրողին, սփիւռքահայ մարդուն՝ արժանին փոխանցելով անոր յիշատակին:
Այս հանդիսութեան առիթով իրենց վկայութիւնները ուղարկած էին մտաւորականներ Ազատուհի Գալայճեան Սիմոնեան՝ Տուպայէն եւ դոկտոր Զաւէն Մսըրլեանը՝ Պէյրութէն. այդ խօսքերը տպագրուած էին յայտագիրին մէջ, մեծարեալին կենսագրութեան կողքին:
Մինչ հանդիսութիւնը սկսիլը, ներկաները առիթը ունեցած էին մեծ պաստառի վրայ դիտելու Սեփեթճեանի կեանքէն առնուած լուսանկարներ:
Շնորհակալութիւն գրական այս երեկոն կազմակերպած զոյգ մարմիններուն, մանաւանդ Արա Պապայեանին, որուն կը պարտինք օրուան յաջող ընթացքը:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ