Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան շաբաթավերջին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Բացի երկկողմ համագործակցութեան ընթացքէն, երկու ղեկավարները քննարկեցին տարածաշրջանային եւ համաշխարհային բնոյթի շարք մը հարցեր։
Էրտողան յայտնեց, թէ ինք համոզուած է, որ Թուրքիա եւ Ռուսիա կրնան համագործակցիլ, որպէսզի կարելի ըլլայ Սուրիոյ դէմ սահմանուած պատժամիջոցները ամբողջութեամբ ջնջել։
Էրտողան եւ Փութին մասնաւորապէս ուշադրութեան առարկայ դարձուցին Ուքրանիոյ հակամարտութիւնը։ Էրտողան շեշտեց, որ Թուրքիա միշտ պատրաստակամ է զինադադար հաստատելու ջանքերուն նպաստելու, ներառեալ՝ բանակցութիւններ հիւրընկալելու։
Էրտողան իր ռուս պաշտօնակցին նաեւ յայտնեց, թէ Սեւ ծովը պէտք չէ վերածուի հակամարտութեան գօտիի մը: