Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Յովիկ Աղազարեանի եւ Տարօն Մարգարեանի դէմ մեղադրանքներ առաջադրուեցան: Երկուքին պարագային խափանման միջոց ընտրուած է ստորագրութեամբ երկրէն չբացակայիլը, «Ազատութեան» յայտնեցին Գլխաւոր դատախազութենէն:
«Հսկող դատախազը հանրային քրէական հետապնդում յարուցելու որոշում է կայացրել, խափանման միջոց է ընտրուել երկրից բացակայելու արգելքը», նշեցին կառոյցէն:
Ըստ իրաւապահներուն՝ Յովիկ Աղազարեանի դէմ մեղադրանք առաջադրուած է առանձնապէս մեծ չափերու կաշառք ստանալու մէջ (435րդ յօդուածի երրորդ մաս, երրորդ կէտ), ինչպէս նաեւ պաշտօնատար անձի մը նկատմամբ ունեցած իրական կամ ենթադրեալ ազդեցութիւնը օգտագործելը` առանձնապէս մեծ չափերու (438րդ յօդուածի երրորդ մաս, երկրորդ կէտ):
Իսկ Տարօն Մարգարեան կը մեղադրուի իշխանական կամ ծառայողական լիազօրութիւնները կամ անոնց հիման վրայ ազդեցութիւն օգտագործելով՝ ոչ-օրինական արարքներ կատարելու յանցանքին մէջ։
Յիշեցնենք, որ թէ՛ իշխանական՝ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան նախկին անդամ պատգամաւոր Աղազարեան, թէ՛ ընդդիմադիր «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութենէն Մարգարեան 27 Մարտին զրկուեցան իրենց պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն: