
Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ «Գուճաքեան» սրահին մէջ, 26 Մարտին տեղի ունեցած Միջինքի աւանդական ճաշկերոյթին իրենց մասնակցութիւնը բերին քաղաքի եւ գաւառի պաշտօնատարներ, ինչպէս նաեւ հիւպատոսներ։
Եկեղեցւոյ Տիկնանց օժանդակ մարմինին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկին ընթացքին, եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անունով ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Ատրուշան Էնտի Արմէնեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչ յանձնախումբին։
Այնուհետեւ, իրենց սրտի խօսքերը փոխանցեցին Լաս Վեկասի քաղաքապետ Շելի Պըրքլի, Քլարք գաւառի վերահսկիչներ Մայքըլ Նէֆթ եւ Ուիլեըմ ՄըքՔըրտի։
Միջինքի ներկայ էր նաեւ Լաս Վեկասի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Նենսի Պրուն։
Ներկաներու շարքին էին նաեւ քաղաքի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններէն պատուիրակութիւններ։ Հարաւային Քորէայի հիւպատոս Տին Ճոզէֆ Քամփոս եւ Ճափոնի պատուոյ հիւպատոս Քեթլին Պլէյքլի Միջինքի ձեռնարկին մասնակցողներուն ներկայացուցին Չեխիոյ, Ֆինլանտայի, Ռումանիոյ, Բրիտանիոյ, Լիթուանիոյ եւ Շուէտի դիւանագիտական ներկայացուցիչները։
Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պարգեւ քհնյ. Պալգէորգեան։
(Քաղուած Ատրուշան Էնտի Արմէնեանի թղթակցութենէն)