Սուրիոյ պետական «Սանա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդուժը Ապիատ նաւահանգիստին վրայ եւ Լաթաքիա քաղաքի մերձակայքը շարք մը յարձակումներ գործեց:
Յարձակումներու թիրախը եղաւ Ապիատ նաւահանգիստի մերձակայքը եւ նահանգի Ռաս Շամրա շրջանին մէջ գտնուող ծովուժին 110րդ զօրամասը:
Տեղական աղբիւրներ «Ռաշա Թուտէյ»ին յայտնեցին, թէ իսրայէլեան օդային յարձակումները թիրախ դարձուցին ծովուժի ռազմակայաններ եւ Ապիատ նաւահանգիստը, ինչպէս նաեւ կեդրոնացան զէնքի պահեստանոցներու եւ զինուորական այլ դիրքերու վրայ: