Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիին ուղղուած նամակը կ՛ընդգրկէ երկամսեայ ժամկէտ մը` նոր հիւլէական համաձայնագիր մը կնքելու համար, կը յայտնէ «Աքսիոս»ը, որ տեղեկութիւնը քաղած է նամակին բովանդակութեան ծանօթ ամերիկացի պաշտօնատարէ մը եւ երկու այլ աղբիւրներէ:
«Յստակ չէ, թէ երկամսեայ պայմանաժամը սկսած է նամակը առաքելու պահէ՞ն, թէ անիկա պիտի սկսի բանակցութիւններու մեկնարկէն ետք: Սակայն, եթէ Իրան մերժէ Թրամփի առաջարկը եւ չբանակցի, Իրանի հիւլէական կառոյցներուն դէմ Միացեալ Նահանգներու կամ Իսրայէլի զինուորական գործողութիւններու հաւանականութիւնը կտրուկ կերպով պիտի մեծնայ», կը յայտնէ աղբիւրը:
Իրանի հիւլէական ծրագիրը վերջին չորս տարիներուն ընթացքին յառաջընթաց արձանագրած է, եւ երկիրը առաւել քան երբեք մօտ է հիւլէական զէնք արտադրելուն: Ըստ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան՝ անոր 60 տոկոսը հարստացուած իւրանիոմի պաշարները մինչեւ 90 տոկոս հարստացուելու պարագային, բաւարար են վեց հիւլէական ռումբ արտադրելու համար:
Նախքան վերոյիշեալ նամակին առաքումը, Սպիտակ տունը քանի մը դաշնակիցներու, ներառեալ՝ Իսրայէլին, Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն տեղեկացուցած է նամակի բովանդակութեան մասին:
Նշենք, որ Խամենէի Թրամփի նամակը եւ բանակցութիւններու առաջարկը որակած էր «խաբէութիւն», որ միայն կոչուած է ստեղծելու այն տպաւորութիւն, որ Իրան կը մերժէ բանակցութիւնները: «Ամերիկա պէտք է գիտնայ, որ եթէ Իրանի հետ խաղ խաղայ, ուժեղ եւ քանդիչ ապտակ մը պիտի ստանայ։ Մեզի սպառնացողները թող գիտնան, որ մենք պատերազմ չենք սկսիր, սակայն ան, որ փորձէ մեզի վնաս հասցնել՝ ծանր հարուածներ պիտի ստանայ»», ըսած էր Խամենէի՝ աւելցնելով «Իսլամական հանրապետութիւնը հաստատ եւ վճռական կերպով կը կանգնի սիոնական այս բռնատիրութեան դիմաց, եւ կ՛աջակցի մասնաւորաբար Պաղեստինի ու Լիբանանի մէջ բոլոր անոնց, որոնք իրենց հողը կը պաշտպանեն, եւ ասիկա Իրանի տեւական վարմունքն է»:
Իր կարգին, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղճի յայտարարեց հետեւեալը. «Թրամփի նամակը սպառնալիքներ կը պարունակէ, սակայն անոր մէջ առիթներ կան, եւ անոր բոլոր մանրամասնութիւնները քննարկեցինք: Թրամփի նամակին մեր պատասխանը պիտի ներառէ անոր բոլոր երեւոյթները, ըլլան անոնք սպառնալիքները կամ առիթները։ Ճնշումներու եւ պատժամիջոցներու տակ ուղիղ բանակցութիւններ պիտի չունենանք, որովհետեւ բանակցութիւնը պէտք է հաւասար պայմաններու մէջ ըլլայ»: