
26 Մարտին, Հալէպի մօտ Թուրքիոյ Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Մուամմեր Հաքան Ճենքիզ եւ իր փոխանորդը այցելեցին Հալէպի Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութիւն:
Ողջունելով հիւրերը՝ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արա Աւետիսեան շնորհաւորեց Մուամմեր Հաքան Ճենքիզը՝ նախ երկար դադարէ ետք Թուրքիոյ հիւպատոսութեան վերաբացման, այդ պաշտօնին իր նշանակման եւ Ռամատան ամսուան առիթով:
Աւետիսեան տեղեկացուց, որ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը Հալէպի մէջ կը գործէ առաւել քան 30 տարիներէ ի վեր եւ իր հիմնադրութեան օրէն ի վեր երբեք չէ դադրեցուցած իր գործունէութիւնը՝ նոյնիսկ Հալէպի պաշարման եւ պատերազմի օրերուն:
Աւետիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց վերջերս Հայաստանի Հանրապետութենէն Սուրիա մարդասիրական օգնութեան տեղափոխման հարցով թրքական կողմին աջակցութեան եւ այդ երկրով օժանդակութեան շարասիւնի անարգել անցման համար:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ Մուամմեր Հաքան Ճենքիզ նշեց, որ, մեկնելով դիւանագիտական բարոյագիտութեան կանոններէն՝ իր պարտքը համարած է այցելել Հալէպի մէջ գործող միակ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն եւ ծանօթանալ իր հայ պաշտօնակիցին:
Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսը յաջողութիւն մաղթեց իր թուրք պաշտօնակիցին՝ անոր դժուար առաքելութեան մէջ:
Հանդիպումին աւարտին, Ճենքիզ ջերմ շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ Աւետիսեանը հրաւիրեց Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսութեան բացման, ինչպէս նաեւ յարմարութեան պարագային՝ այցելելու Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիւպատոսութեան ժամանակաւոր գրասենեակը:
Կողմերը համաձայնեցան շարունակել իրենց գործակցութիւնը: