
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՍԿՐԱԾՈՒԾԻ ՊԱՏՈՒԱՍՏՈՒՄԻՆ
Կիրակի, 23 Մարտի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան հանդիսաւորապէս նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ս. պատարագին եւ Ս. Պահոց չորրորդ՝ «Տնտեսի Կիրակի»ն ըլլալով, ան ծանրացաւ տնտեսի առակէն բխած խորհուրդին վրայ՝ մէկ կողմէ իրարու կապելով Բարեկենդանի տօնին յաջորդող Կիրակիները եւ անոնց պատումները իբրեւ մեր ամբողջութիւն, իսկ միւս կողմէ՝ չորրորդին՝ բացատրելով, թէ Ղուկաս Աւետարանի 16րդ առակը՝ «ճարպիկ ու խելամիտ տնտես»ը, ցոյց կու տայ մեզի, որ փոքր ծառայութեան մէջ հաւատարիմ եղողը մեծին մէջ ալ հաւատարիմ կ՛ըլլայ եւ՝ հակառակը, որուն հիմամբ գրուած է թէ՝ «եթէ հաւատարիմ չեղաք աշխարհիկ հարստութեան, որ ձերը չէ, ինչպէ՞ս կ՛ուզէք որ Աստուած ձեզի տայ ձեզի սպասող ճշմարիտ հարստութիւնը», որմով կը բացատրուի երկնքի արքայութիւնը ժառանգելու «Տնտեսի Կիրակի»ն:
Պատումը խորացնելէ եւ զայն մերօրեայ կեանքին մէջ բերելէ ետք, Գեղամ արքեպիսկոպոսը յորդորեց ներկաները՝ չծառայել թէ՛ Աստուծոյ, թէ՛ մամոնային, որպէսզի վերջին դատաստանին օրը, երբ Աստուած հարցնէ իւրաքանչիւրիս, թէ դուն ի՛նչ ըրիր քեզի տուածովս, մենք կարենանք ցնծալ մեր ըրած բարի գործերուն համար եւ Տիրոջ հաւանութեամբ ժառանգել յաւիտենական կեանքը:

Եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Զարեհ Ծ. վրդ. Սարգիսեան արարողութեան ընթացքին նշեց, որ սրբազան հօր տնօրինումով, քարոզէն առաջ յատուկ աղօթք կը կատարուի Հայկական Ոսկրածուծի հիմնարկի աշխատանքային ծրագիրներու յաջողութեան ի նպաստ, ապա, այս առիթով, դաս հրաւիրեց հիմնարկի տնօրէնուհի տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընը, որ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ընձեռուած առիթին համար՝ եկեղեցին լեցուցած հաւատացեալներուն բացատրեց ոսկրածուծի պատուաստումին կարեւորութիւնը՝ մահացու հիւանդութիւններէ տառապող հայ զաւակներու կեանքը փրկելու գծով:
Տոքթ. Ճորտըն կարելի մանրամասնութեամբ բացատրեց, թէ հայերս ունինք իւրայատուկ ծինաբանութիւն, որ ազգ ու հայրենիք զիրար կը կապէ, եւ թէ ոսկրածուծի նուիրատուութիւն կատարելով՝ մեր ծինաբանական տուեալները այս հիմնարկի պահեստային ցանկին վրայ արձանագրել կու տանք, այն ատեն կրնանք օգտակար դառնալ աշխարհի որեւէ երկրի մը մէջ ոսկրածուծի զանազան հիւանդութիւններէ տառապող ուրիշ հայու մը կեանքը փրկելու ջանքին, ապա յստակացնելով արձանագրութեան գործընթացը, ան հրաւիրեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի տակաւին չարձանագրուած անդամները եւ հաւատացեալները, որ յետ արարողութեան, եկեղեցւոյ բակին մէջ հիմնարկի պատասխանատուներուն օգնութեամբ արձանագրուին ոսկրածուծի պատուաստումի յոյժ կարեւոր ծրագիրին: