Հետեւելով Հայաստանի դէմ Պաքուի որդեգրած քաղաքական ուղիին, Ռուսիոյ Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկու ըսաւ, որ Ուքրանիոյ սահմանադրութիւնը դժուարութիւններ կը պատճառէ խաղաղութեան շուրջ համաձայնութեան հասնելու ջանքերուն:
Շոյկու, որուն երկիրը յարձակած էր Ուքրանիոյ վրայ եւ որ կը շարունակէ մերժել ամբողջական զինադադար հաստատելու՝ Ուաշինկթընի առաջարկները, յայտնեց, թէ Ուքրանիոյ հիմնական դժուարութիւնը անոր սահմանադրութիւնն է: «Անոնց սահմանադրութիւնը կ՛արգիլէ տարածքային ամբողջականութեան փոփոխութեան վերաբերեալ որեւէ բանակցութիւն», ըսաւ ան՝ նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ Ռուսիա կը շարունակէ Ուքրանիոյ որոշ տարածքներ բռնագրաւած պահել:
Շոյկուի «տրամաբանութեամբ»՝ Քիեւ պէտք է որդեգրէ իր տարածքները դրացիներուն յանձնել արտօնող սահմանադրութիւն մը։