
Պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան կը գտնուի Իրանի արտաքին գործոց նախարար Սէյիտ Ապպաս Արաղճիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
24 Մարտին, Արաղճի հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանին հետ։
Նախատեսուած է, որ Միրզոյեան եւ Արաղճի 25 Մարտին մամլոյ միացեալ ասուլիս մը տան:
Նշենք, որ Արաղճի հանդիպում մը պիտի ունենայ նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։