«Ազերթաք»ի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Ատրպէյճանի մօտ Թուրքիոյ նախկին դեսպան Հուլուսի Քըլըչ յայտնեց, թէ Թուրքիա Ատրպէյճանի շահերուն հակասող որեւէ քայլ պիտի չառնէ՝ շեշտելով, որ Թուրքիա-Հայաստան սահմանի բացման վերաբերեալ ապատեղեկատուութիւն տարածելու միջոցով հանրային կարծիքը շահարկելու փորձերը դատապարտուած են ձախողութեան:
«Որոշ լրատուամիջոցներու պնդումները, թէ Անգարա Հայաստանի հետ սահմանը բացած է` առանց այդ մասին Պաքուն տեղեկացնելու, նպատակ ունի վնաս հասնել Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի եղբայրութեան: Կեղծ տեղեկութիւններու ետին կանգնած են Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միասնութեամբ եւ սերտ համագործակցութեամբ մտահոգուած շրջանակները: Թրքական իշխանութիւնները ատրպէյճանական կողմին հետ սերտօրէն կը համակարգեն եւ կը քննարկեն Երեւանի վերաբերող որեւէ քայլ», ըսաւ Քըլըչ, որ յիշեցուց թրքական իշխանութիւններուն բազմաթիւ անգամներ կատարած յայտարարութիւնները Հայաստանի նկատմամբ իրենց դիրքորոշումին գծով: «Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը կրնայ արդիւնքի հասնիլ միայն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հաստատումէն ետք: Թուրքիոյ իշխանութիւնները միշտ յայտարարած են այդ մասին», ըսաւ Քըլըչ: