
Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի սկսած է Սիւնիքի մարզը բարեկամութեան, համերաշխութեան եւ աջակցութեան իր այցելութեան, կը տեղեկացնէ Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանութիւնը` նշելով, որ դեսպանը «այցելած է Ատրպէյճանի հետ ռազմական շփման գիծին մէջ գտնուող Արաւուս գիւղը»:
Կը նշուի, որ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն Արաւուսի մէջ Ֆրանսայի աջակցութեամբ բուժարաններ հիմնած է: «Հաւատարիմ իր համոզումներուն՝ Ֆրանսա Հայաստանի մէջ իր միջոցները կը ներդրէ»։

Տըքոթինյի նաեւ հանդիպում ունեցաւ Սիւնիքի մարզպետ Ռոբերտ Ղուկասեանի հետ։ Այդ հանդիպումին ընթացքին Ղուկասեան Տըքոթինյիի հետ քննարկեց երկկողմ համագործակցութեան գծով կարգ մը հարցեր, որոնք մասնաւորաբար կը վերաբերին ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ենթակառուցուածքներուն, Օվերն Ռոն Ալփի հետ Սիւնիքի գործընկերութեան, Հայաստան-Ֆրանսա ապակեդրոնացեալ համագործակցութեան յառաջիկայ համաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Գորիսի մէջ:
«Կը սկսիմ բարեկամութեան, համերաշխութեան եւ աջակցութեան այցելութիւն Սիւնիք: Սիւնիք Հայաստանի տարածքի անբաժան մասն է: Անոր բնակիչները իրաւունք ունին խաղաղ ապրելու՝ առանց անհանգստութեան եւ սպառնալիքներու», «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է Տըքոթինյի: