Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարութեան մը միջոցով հաստատեց, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը դարձեալ ապատեղեկատուութիւն տարածած է, թէ՝ «19 Մարտին` կէսօրէն ետք ժամը 2:15ի շուրջ, Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են սահմանագօտիի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ»՝ շեշտելով, որ ասիկա չի համապատասխաներ իրականութեան։
«Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը վերահաստատում է, որ ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի դիրքորոշմանը համապատասխան` պատրաստ է հետաքննել Ադրբեջանի ՊՆ հաղորդագրութիւնը հիմնաւորող փաստերը` դրանք ՀՀին փոխանցելու պարագայում: Այս պահի դրութեամբ Ադրբեջանի Հանրապետութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեանը չի փոխանցել ՀՀ ԶՈՒ ստորաբաժանումների կողմից հրադադարի ռեժիմի (դրութեան) խախտման ոչ մի փաստական տուեալ կամ հիմնաւորում», կ՛ըսուի Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Պաքու արդէն չորրորդ օրը ըլլալով զինադադարի ենթադրեալ խախտումներու մասին կը հրապարակէ հաղորդագրութիւններ, զորս Երեւան կը հերքէ։