Եւրոպական Միութիւնը կոչ ուղղեց Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ հայ բանտարկեալներուն նկատմամբ վատ վերաբերմունքին մասին մեղադրանքները հետաքննելու, իսկ հաստատուելու պարագային՝ մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկելու:
Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ ապահովութեան հարցերու խօսնակ Անիթա Հիփըր «Արմէնփրէս»ին յայտնեց, որ՝ «տեղեակ են Հայաստանի կառավարութեան եւ շարք մը իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու մտահոգութիւններուն մասին»:
«Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է անյապաղ եւ անաչառ կերպով հետաքննեն բոլոր մեղադրանքները վատ վերաբերմունքին վերաբերեալ: Մենք այս մտահոգութիւններուն շատ լրջօրէն կը մօտենանք եւ ուշադիր կը հետեւինք զարգացումներուն», ըսաւ Հիփըր եւ շեշտեց, որ ենթադրեալ ռազմական յանցագործութիւնները եւ այլ իրաւախախտումները թափանցիկ կերպով հետաքննելը կարեւոր է՝ աւելցնելով. «Ատրպէյճան բանտարկուած հայերուն համար պէտք է ապահովէ արդար դատաքննութեան իրաւունքը եւ բաւարար պայմաններ` իր միջազգային պարտաւորութիւններուն համաձայն»։