Առաւել քան տասնեակ մը ատրպէյճանցի զինուորներ 18 Մարտին ցուցմունք տուին Պաքուի ռազմական դատարանին մէջ` պահանջելով Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի նկատմամբ խստագոյն պատիժը սահմանել:
Անկախ լրագրողներու եւ միջազգային կառոյցներու բացակայութեան ընթացող դատավարութեան մասին կարճ հաղորդագրութիւն մը տուած է պետական «Ազերթաճ» գործակալութիւնը` տեղեկացնելով, թէ ցուցմունք տուած են զինուորական ծառայութեան ընթացքին վիրաւորուած զինուորները:
Ֆարիտ Մամետով, Սամիր Մելիքով, Սաֆա Մամետու եւ միւսները ըսին, թէ «զինուորական ծառայութեան ընթացքին Հայաստանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ` Քելբաջարի եւ Խոջալուի, Հայաստանի կողմէ իրականացուած ռազմական սադրանքին իբրեւ արդիւնք տարբեր աստիճանի մարմնական վէրքեր ստացած են զանազան տեսակի զէնքերէ արձակուած կրակոցներէ եւ ձեռքի նռնակներէ»:
Անոնք նաեւ յայտնեցին, թէ Ռուբէն Վարդանեանը կը ճանչնան մամուլէն ու ընկերային ցանցերէն եւ պահանջեցին, որ Պաքուի ռազմական դատարանը անոր նկատմամբ խստագոյն պատիժը սահմանէ:
Ռուբէն Վարդանեան կը շարունակէ ցուցմունք չտալ: Անոր դատական յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ 1 Ապրիլին։