Արցախի Ազգային ժողովը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կ՛անդրադառնայ Դեկտեմբեր 2024ին, Զուիցերիոյ Ազգային խորհուրդին (խորհրդարանի ստորին տուն) կողմէ ընդունուած բանաձեւին, որուն միջոցով կառավարութեան կոչ ուղղեց կազմակերպել Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման նուիրուած միջազգային համաժողով մը՝ նշելով, որ 18 Մարտ 2025ին խորհրդարանի վերին տունը պիտի քննարկէ այս հարցը։
«Այդ առիթով` քննարկման նախաշեմին` Մարտի 13ին` ժամը 13:30ին, Հայաստանի Հանրապետութիւնում Շուէյցարիայի դեսպանատան առջեւ կազմակերպուելու է հաւաք, որի ժամանակ շնորհակալութիւն ենք յայտնելու Շուէյցարիայի խորհրդարանին ստորին պալատի կողմից ձեռնարկուած քայլերի համար եւ կոչ ենք անելու վերին պալատին եւս ընդունել բանաձեւը, ինչպէս նաեւ դիմելու ենք Շուէյցարիայի կառավարութեանը օգտագործել չէզոք միջնորդի իր փորձուած դերը բռնի տեղահանուած արցախցիների վերադարձի իրաւունքի շուրջ միջազգային քննարկումներ նախաձեռնելու հարցում», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ: