
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ քննարկած են Հայաստանի հետ խաղաղութեան բանակցութիւնները։ Ան այս մասին խօսեցաւ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին՝ նկատի ունենալով 5 Մարտի հանդիպումը:
Ասոր զուգահեռ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով անգամ մը եւս անդրադարձաւ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի «արգելքներուն»։ «Հայաստան տակաւին «տարածքային յաւակնութիւններ» ունի Ատրպէյճանի նկատմամբ», Ղազախստան կատարած իր այցելութեան ընթացքին ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Հակառակ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ վերջնական խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան ուղղութեամբ մեր կտրած երկար ճամբուն, անգամ մը եւս կ՛ուզեմ նշել, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ կան Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներ, արագ զինուիլը եւ վրէժխնդրական նկրտումները կը շարունակեն մնալ խաղաղութեան գործընթացի մեծագոյն խոչընդոտները»։
Պայրամով նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ղազախստանին՝ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններուն համար հարթակ տրամադրելուն համար: Ըստ Պայրամովի՝ այս քայլը կը վկայէ, որ Ղազախստան մեծ նշանակութիւն կու տայ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղ գործընթացին:
Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքայեւ իր կարգին ըսաւ, որ «եղբայրական Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները շատ կարեւոր նշանակութիւն ունին իրենց համար»։
«Ձեր այցելութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի եղբայրական Ատրպէյճանի հետ մեր համագործակցութեան հետագայ զարգացման տեսանկիւնէն. մենք Ատրպէյճանը կը նկատենք յուսալի ռազմավարական գործընկեր եւ դաշնակից», ընդգծեց Թոքայեւ։