
Սպանիոյ խորհրդարանի անդամ Ճոն Ինեարիթու «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճանի կողմէ քարոզչական դաշտ նետուած այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի պատումը պատմութիւնը վերաշարադրելու, Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան նկատմամբ իրագործած ցեղային զտումները արդարացնելու եւ Հայաստանէն նոր տարածքներ բռնագրաւելու նպատակ կը հետապնդէ՝ հող նախապատրաստելով նոր ներխուժման համար` հայկական հողերը անուանելով «Պատմական Ատրպէյճան»։
Ըստ անոր՝ Ատրպէյճան այսպիսի յայտարարութիւններով նպատակ ունի դիւանագիտական եւ քաղաքական ճնշում բանեցնել Եւրոպական Միութեան վրայ՝ փորձելով կառոյցի գործունէութիւնը աւելի համապատասխանեցնել Ատրպէյճանի շահերուն` յաճախ օգտագործելով ուժանիւթի գործարքները:
Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան գործունէութեան վերաբերեալ Ատրպէյճանէն հնչող դժգոհութիւններուն եւ առաքելութեան գործունէութեան դէմ քարոզչութիւն իրականացնելու Պաքուի նպատակներուն՝ Ինեարիթու կարեւոր նկատեց, որ դիտորդական առաքելութեան լիազօրութիւնը յստակօրէն ուրուագծուած է ինքնին Եւրոպական Միութեան կողմէ:
«Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը կը կեդրոնանայ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի երկայնքով տիրող իրավիճակի դիտարկումին, կայունութեան խթանման եւ հետագայ հակամարտութիւնը կանխելու համար միջազգային համաձայնագիրներու պահպանման վրայ: Այս առումով, առաքելութեան վերաբերող Ատրպէյճանի մտահոգութիւնները դժուար հասկնալի են, յատկապէս երկրի մը համար, որ, կը թուի, թէ կը ձգտի խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան», ըսաւ Ինեարիթու, ըստ որուն, Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան դէմ Ատրպէյճանի բողոքները կրնան ի յայտ գալ նաեւ երրորդ երկիրներու` մասնաւորապէս Թուրքիոյ կամ Ռուսիոյ ճնշումներուն ազդեցութեան տակ։
«Առաքելութիւնը կոչուած չէ մէկ կողմը միւսին գերադասելու, ոչ ալ հետախուզական գործունէութեամբ կը զբաղի: Անոր հիմնական նպատակը տարակարծութիւններու խաղաղ կարգաւորման նպաստելն է, ինչ որ, անշուշտ, անգամ մը եւս կը հակասէ Հայաստան ներխուժելու Ատրպէյճանի փորձերուն», յայտնեց Ինեարիթու։