Շուէտ-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական խումբը կոչ ուղղեց ՝ Պաքուի անօրէն եւ շինծու մեղադրանքներով բանտարկուած հայերը ազատ արձակելու` զգուշացնելով, որ անգործութիւնը պիտի քաջալերէ հետագայ բռնաճնշումները եւ մարդու իրաւունքներու խախտումները:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի` խումբին յայտարարութեան մէջ յատկապէս կ՛ըսուի, որ բոլոր հայ գերիներու անվերապահ ազատ արձակումը ապահովելու համար պէտք է անյապաղ եւ վճռական գործողութիւններ կատարել:
Շուէտի խորհրդարանին մէջ բարեկամական խումբի անդամները վճռականօրէն կը դատապարտեն Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ մարդու իրաւունքներու կոպիտ եւ համակարգուած խախտումները: «Հայ բանտարկեալներուն, որոնց կարգին քաղաքական գործիչներու եւ քաղաքացիներու նկատմամբ անօրէն բանտարկութիւնը, ֆիզիքական եւ հոգեբանական խոշտանգումները եւ քաղաքական հետապնդումները կը հանդիսանան ոչ միայն մարդկային ճգնաժամ, այլ նաեւ միջազգային իրաւունքի ակնյայտ խախտում: Անհիմն մեղադրանքներով անձերու կամայական բանտարկութիւնը, որ կ՛օգտագործուի իբրեւ քաղաքական բռնաճնշումներու գործիք, ուղղակի յարձակում է մարդու հիմնարար իրաւունքներուն վրայ», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:
Լուսարձակի տակ կ՛առնուի հայ խաղաղ բնակիչներու եւ ռազմագերիներու (գերիներու) շարունակուող բանտարկութիւնը բացայայտ խախտում ըլլալը Ժընեւի համաձայնագիրներուն եւ Մարդու իրաւունքներու ընդհանուր հռչակագիրին:
«Այս գործողութիւնները, որոնք կատարուած են եւ մնացած են անպատիժ, պետութեան կողմէ արտօնուած խոշտանգումներ եւ բռնի անհետացումներ են, որոնք նպատակ ունին լռեցնել քաղաքական այլախոհութիւնը եւ վախ սերմանել», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ, ուր նաեւ կը շեշտուի, որ անկախ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները եւ իրաւական փորձագէտները փաստագրած են այս բանտարկութիւններուն նկատմամբ անմարդկային եւ նուաստացուցիչ վերաբերմունքը:
«Անոնք՝ ենթարկուելով դաժան խոշտանգումներու, զրկուած ըլլալով փաստաբաններէ՝ ստիպուած եղած են դիմանալու կեղծ դատավարութիւններուն, անոնք դարձած են վայրագութիւններու զոհ: Ասիկա կը վնասէ Ատրպէյճանի միջազգային հեղինակութեան եւ վտանգաւոր նախադէպ կը ստեղծէ բռնատիրական վարչակարգերուն համար ամբողջ աշխարհին մէջ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Բարեկամական խումբի յայտարարութիւնը նաեւ կը շեշտէ, որ այս խախտումները առանձին միջադէպեր չեն, այլ դիտաւորեալ յանցագործութիւններ, որոնք կը խալխլեն մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային իրաւունքներու հիմքերը:
«Ատրպէյճանի կողմէ քաղաքական բանտարկեալները շարունակաբար իբրեւ լծակ օգտագործելը եւ անոնց նկատմամբ համակարգուած վատ վերաբերմունքը ռազմավարութիւն է` ապակայունացնելու տարածաշրջանային խաղաղութիւնը եւ արդարութիւնը», կը յայտնեն խումբի անդամները։
Յայտարարութեան տակ ստորագրած պատգամաւորները նաեւ կ՛ընդգծեն, որ միջազգային ուժեղ արձագանգի բացակայութիւնը միայն կը քաջալերէ հետագայ չարաշահումները եւ բռնաճնշումները:
Կը շեշտուի, որ այսպիսի կոպիտ խախտումներու դէմ միջազգային հանրութեան անգործութիւնը հաւասարազօր է մեղսակցութեան՝ բռնատիրութեան ծաղկումի եւ ճգնաժամի խորացման:
«Ասիկա միայն դիւանագիտութեան հարց չէ, ասիկա բարոյական եւ իրաւական պարտաւորութիւն է: Միջազգային հանրութիւնը չի կրնար ձեռնածալ նստիլ, այնքան ատեն որ այսպիսի դաժան անարդարութիւններ կը շարունակուին: Այս գործողութիւնները ոչ միայն յարձակում են մարդու արժանապատուութեան վրայ, այլ նաեւ ուղղակի մարտահրաւէր են այն սկզբունքներուն, որոնք կը պաշտպանեն համաշխարհային կայունութիւնը, արդարութիւնը եւ հիմնարար իրաւունքները», կ՛ըսուի նոյն յայտարարութեան մէջ, որուն մէջ կը շեշտուի, որ աշխարհը կը հետեւի, եւ այս ճգնաժամի արձագանգը պիտի սահմանէ արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հանդէպ հաւատարմութիւնը: