Կ՛առաջարկուի անհետ կորսուած անձերու հարցով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ «Տի.Էն.Էյ.»ի համեմատութեան անկախ գործիքակազմ մը յառաջացնել: Առաջարկը ներկայացուեցաւ Անհետ կորսուած անձերու հարցերու միջազգային յանձնաժողովի գնահատող հաշուետուութեան մէջ:
Ընդգծելով, որ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի մէջ կան Արցախի առաջին եւ երկրորդ պատերազմներուն ընթացքին անհետ կորսուածներ, իսկ ռազմական գործողութիւններու տարածքին մէջ յայտնաբերուած մասունքները կրնան նոյն ատեն պատկանիլ երկու կողմերուն` փաստաթուղթը կը շեշտէ, որ այս գործիքակազմը նոյնականացումը հաստատելու արդիւնաւէտ միջոցներէն մէկը կրնայ դառնալ:
«Ասիկա կրնայ նաեւ նպաստել տարածաշրջանին մէջ համագործակցութեան եւ հաշտեցման», կ՛ընդգծէ Անհետ կորսուած անձերու հարցերու միջազգային յանձնաժողովը:
Պաքու աւելի կանուխ յայտարարած էր, թէ «առաջին ղարաբաղեան պատերազմին ընթացքին շուրջ 4 հազար ատրպէյճանցիներ սպաննուած եւ թաղուած են զանգուածային գերեզմաններու մէջ. Հայաստան գաղտնի կը պահէ զանգուածային գերեզմաններու մասին տեղեկութիւնը»:
Երեւան բազմաթիւ անգամներ բարձրագոյն մակարդակով յայտարարեց, որ պատրաստ է անյայտ կորսուած անձերուն ճակատագիրը յատնաբերելու համար համագործակցիլ Ատրպէյճանի հետ:
Հայաստան 2020էն ետք Ատրպէյճանին փոխանցած է 44օրեայ պատերազմին մահացած 51 ատրպէյճանցիներու մարմիններ, ինչպէս նաեւ 90ականներուն զոհուած 140 ատրպէյճանցիներու ոսկորներ:
Իսկ Պաքուի նշած 4 հազար թիւը Երեւանի մէջ կասկածի տակ կը դնեն` շեշտելով, որ այդ մասին տեղեկութիւններ չունին, իսկ անյայտ կորսուած անձերու թիւի ճշդումը երկար գործընթաց է:
Հայաստան իր կարգին շուրջ 1200 անյայտ կորսուածներու հարցը կը բարձրացնէ։ Ըստ պաշտօնական տուեալներու` 90ականներու սկիզբէն անյայտ կորսուած կը նկատուին 993 հայեր: 44օրեայ պատերազմէն ետք անյայտ կորսուած են շուրջ 200 հայ զինուորներ:
Ասոր կողքին, Պաքու նաեւ յայտարարեց, թէ ականները կը դժուարացնեն Ատրպէյճանի մէջ անհետ կորսուածներու որոնողական աշխատանքները:
Անյայտ կորսուած անձերու հարցերով զբաղող միջազգային յանձնաժողովի ծրագիրներու ղեկավար Քարմէն Օսորնօ յայտնեց, որ իրենց նպատակը այս հարցով Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին օգնութեան հասնիլն է: