Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին 24NEWS-ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ոչ ոք Հայաստանին տուած է ապահովական երաշխիքներ, որոնք համեմատելի են Ռուսիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն մէջ եղածին հետ:
Ըստ Քոփիրքինի՝ ինք ծանօթ չէ այս մասին վկայող փաստաթուղթերու կամ յայտարարութիւններու: Ան աւելցուց, որ ապահովական բնագաւառին մէջ Հայաստան-Ռուսիա երկկողմ յարաբերութիւններու հիմնական բաղադրիչները նոյնն են՝ կայ ռազմակայան, կան սահմանապահներ՝ իրենց ներկայութեան որոշ աշխուժութեամբ, անոնք կը շարունակեն ծառայել սահմանին վրայ: «Որքան կը հասկնամ, ասիկա շատ բարձր կը գնահատուի Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ», յայտնեց Քոփիրքին:
Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան, Քոփիրքին յիշեցուց, որ Մոսկուան բազմաթիւ անագամներ արտայայտած է իր դիրքորոշումը. «Մենք համոզուած ենք մեր դիրքորոշումին ճիշդ ըլլալով, նաեւ՝ արեւմտեան գործընկերներուն հետ յարաբերութիւններու փորձառութեան հիման վրայ, բայց ասիկա Հայաստանի որոշումն է», ըսաւ Քոփիրքին:
Պատասխանելով սպառազինութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան մասին հարցումին՝ Քոփիրքին ըսաւ, որ այդ թեման օրակարգային է: Ըստ անոր՝ այս ոլորտին մէջ շատ մեծ տեղեկատուութիւն կայ: Ռուսական կողմէ կայ քաղաքական կամք եւ փափաք՝ պահպանելու այն, ինչը կայ. հարցերը կը քննարկուին եւ լուծումներ կը փնտռուին: