
Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութիւնը (IUSY) հրապարակեց յայտարարութիւն մը Պաքուի մէջ ընթացող կեղծ դատավարութեան մասին՝ դատապարտելով տեղի ունեցածը։
Ստորեւ՝ այդ յայտարարութիւնը.
«17 Յունուարէն ի վեր, Ատրպէյճանի Պաքու քաղաքին մէջ կը շարունակուին կեղծ դատավարութիւններ` 16 հայ պատանդներու դէմ, որոնց կարգին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բարձրաստիճան քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարներ:
«Անոնց դէմ մեղադրանքները` ահաբեկչութենէն սկսեալ մինչեւ անօրէն զինուած խմբաւորումներու կազմութիւն, անհիմն են եւ քաղաքականապէս ուղղորդուած: Այս կեղծ դատավարութիւնները անգամ մը եւս կոպտօրէն կը խախտեն միջազգային մարդասիրական իրաւունքը եւ կը հանդիսանան հաշուարկուած փորձեր` ջնջելու Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) հայ ժողովուրդի պատմական եւ քաղաքական ինքնութիւնը:
«Շուրջ 17 ամիսներէ ի վեր, այս անձերը անօրինաբար կը պահուին բանտարկութեան մէջ` Սեպտեմբեր 2023ին, Ատրպէյճանի դաժան ռազմական արշաւէն ետք, որուն պատճառով առաւել քան 120,000 բնիկ հայեր հարկադրաբար տեղահանուեցան Արցախէն (Լեռնային Ղարաբաղէն): Անոնց շարունակական բանտարկութիւնը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի` Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխանութեան նկատմամբ սպառնալիքները կը հանդիսանան մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային իրաւունքի ծանր խախտում:
«Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութիւնը կոչ կ՛ուղղէ միջազգային հանրութեան, որոնց կարգին Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան, Եւրոպական Միութեան եւ առնչակից բոլոր շահագրգիռ կողմերուն՝ անյապաղ գործողութիւններու ձեռնարկելու, մասնաւորապէս`
«- Պահանջելու Ատրպէյճանի մէջ անօրինաբար պահուող բոլոր հայ քաղաքական բանտարկեալներուն եւ պատանդներուն անմիջական ազատ արձակում:
«- Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու պատերազմական յանցագործութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու շարունակական խախտումներուն համար` միջազգային իրաւական գործիքակազմերու միջոցով:
«- Պատժամիջոցներ կիրարկելու Ատրպէյճանի բռնատէր վարչակարգին քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարութեան նկատմամբ:
«- Ապահովելու Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան` իրենց հայրենիքը հաւաքականօրէն վերադառնալու իրաւունքը` միջազգային երաշխիքներով եւ ինքնորոշման հիմնարար իրաւունքին համաձայն:
«- Պահանջելու Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն դուրս բերելը Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքէն` պահպանելով անոր միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները:
«Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութիւնը կը շարունակէ պաշտպանել Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան անքակտելի իրաւունքները, անոնց ինքնորոշման իրաւունքը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը:
«Իբրեւ միջազգային կազմակերպութիւն, որ յանձն առած է պաշտպանել բոլոր ժողովուրդներուն ազատութիւնը, գերիշխանութիւնը եւ արժանապատուութիւնը՝ մենք կը շարունակենք մեր առաքելութիւնը` պաշտպանելով ճնշուած ազգերը եւ անոնց հիմնարար իրաւունքները»: