
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը վերջերս կազմակերպեցին համացանցային հաւաք մը՝ ներկայացնելով Հայ Դատի մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ իրականացուող վարժողական եւ ասպարէզի զարգացման ծրագիրները։ Հաւաքին մասնակցեցան Հայ Դատի ղեկավարներ, ծրագիրներու շրջանաւարտներ եւ ներկայի անոնց մասնակցողներ, որոնք քարոզչութեան, ասպարէզի կառուցման եւ համայնքային ներգրաւուածութեան ոլորտներուն մէջ իրենց փորձառութիւնները բաժնեկցեցան։
Հաւաքը վարեց Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Հայ Դատի յանձնախումբի վարժողական Rising Leaders ծրագիրի շրջանաւարտ Հրակ Մենեշեան։


Ներկայացուեցան Յովիկ Աբօ Սաղտճեան անուան, Լէօ Սարգիսեան անուան, Մարալ Մելքոնեան Աւետիսեանի անուան, Rising Leaders, Լուսին Քուճաքճեանի անուան եւ Յարութիւն եւ Էլիզապէթ Գասպարեանի անուան վարժողական ծրագիրներուն մանրամասնութիւնները։ Նաեւ քննարկուեցաւ կարեւորութիւնը «Արամեան տան», որ Հայ Դատին կողմէ տրամադրուող բնակավայրն ՝ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ, ուր կը մնան ծրագիրներուն մասնակցողները։
Ներկայացման աւարտին, Հրակ Մենեշեան կոչ ըրաւ հայ երիտասարդներուն՝ օգտուելու այս ծրագիրներէն։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ ծրագիրներուն մասնակցելու դիմումներուն համար այցելել anca.org/youth կայքէջը կամ դիմել gateway@anca.org հասցէին։

