
Պատրաստեց՝ ԳԷՈՐԳ ՆԱԹԱԼԻ (ԵԱԶԸՃԵԱՆ)
– Գալստեան Սեդա (կազմող եւ խմբագիր), «Արցախեան 2րդ Պատերազմում Զոհուած Մուսալեռցիների Ժառանգորդները», հրատարակութիւն «Մուսա Լեռ» հայրենակցական միութեան երիտասարդական թեւի, Երեւան, 2024:
– Խալափեան Յասմիկ, «Օսմանեան Կայսրութեան Վերջին Շրջանի Հայկական Կանանց Շարժումը – Արդիականութիւն, Ազգայնականութիւն Եւ Սեռատեսակ» (The Armenian Women’s Movement in the Late Ottoman Empire: Modernity, Nationalism and Gender), Գալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Հայկական մատենաշար թիւ 18, մատենաշարի գլխաւոր խմբագիր՝ Պարլօ Տէր Մկրտիչեան, «I. B. Tauris» հրատարակչութիւն, Լոնտոն-Նիւ Եորք, 9 Յունուար 2025, 224 էջ, 15,5 x 23,2 սմ., (լուսանկարներու, յապաւումներու, օգտագործուած գրականութեան եւ յատուկ անուններու ցանկեր, երկու յաւելուածներ), անգլերէն:
– Կրինշիլտզ Հիու Թոմըս (Greenshilds Hugh Thomas), «Հայ Գաղթականներու Տեղաւորումը Սուրիոյ Եւ Լիբանանի Մէջ, 1919-1939» (The Settlement of Armenian Refugees in Syria and Lebanon, 1919-1939), Հայկազեան համալսարանի հրատարակչութիւն, Պէյրութ, 2025 (հեղինակին դոկտորոկան ատենախօսութիւնն է․ երկու երկիրներուն մէջ 20րդ դարու առաջին կիսուն հայոց հաստատման եւ համարկման պատմութիւնը), անգլերէն: Հատորը լոյս տեսած է Ատալեան ընտանիքի նուիրատուութեամբ ՝ ի յիշատակ իրենց մօր եւ մօրեղբօր՝ Արաքսի եւ Փօլ Տէր Պօղոսեաններուն։
– Չըթըրեան Վիգէն, Ոսկանեան Աշոտ, Յարութիւնեան Կարէն, Կարապետեան Մկրտիչ, «44․ Պարտութիւն – 2020-ի Արցախեան Պատերազմը – Իրողութիւններ Եւ Հետեւութիւններ», հրատարակիչ՝ «Հումանիտար հետազօտութիւնների հայկական կենտրոն» հանրային կազմակերպութիւն, Երեւան, 2024, 125 էջ, 15,5 x 22 սմ. (քաղաքական եւ զինուորական բարձրագոյն պաշտօններ վարած 36 անձերու հետ կատարուած հարցազրոյցներ եւ եզրակացութիւններ):
– Պէրպէրեան Հուրի, Գրիգոր Թալին (Berberian Houri, Grigor Talinn), «Հայուհին, Փոքրամասնական Մարմին Եւ Իրանեան Արդիականութեան Կերտումը, 1860-1979 (The Armenian Woman, Minoritarian Agency and the Making of Iranian Modernity, 1860-1979)», Սթենֆըրտ համալսարանի հրատարակչութիւն, Միացեալ Նահանգներ, 4 Մարտ 2025, 392 էջ, 15,3 x 22,8 սմ., անգլերէն:
– Սուճեան Թալին, «Հայերը Արդի Թուրքիոյ Մէջ. Յետ-եղեռնեան Հասարակութիւնը, Քաղաքականութիւնը Եւ Պատմութիւնը», անգլերէնէ թարգմանեցին Եքաթերիա Եանտուկանովա եւ Սերկէյ Արֆանիտի, BiblioRussica հրատարակչութիւն, 2 Ապրիլ 2024, 362 էջ, 15,1 x 22,7 սմ., ռուսերէն։
– Տէր Կիւրեղեան Արմէն, (Der Kiureghian Armen), «Երկրաշարժի Ողբերգութենէն Դէպի Լոյսի Փարոս – Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Պատմութիւնը» (From Earthquake Tragedy to Beacon of Light – The Story of the American University of Armenia), Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 11 Դեկտեմբեր 2024, 424 էջ առաւել 32 էջնոց լուսանկարներու ներդիր (ՀԱՀի համահիմնադիր, ՀԱՀի մէջ 1991էն-2023 ծառայած (2014էն 2019 եւ 2022էն 2023՝ նախագահ) հեղինակը կը ներկայացնէ ՀԱՀի շուրջ 35 տարիներու պատմութիւնը), անգլերէն:
– Փոլաթէլ Մեհմէթ (Polatel Mehmet), «Հայերը Եւ Օսմանեան Կայսրութեան Հողային Վէճերը, 1850-1914 (Armenians and Land Disputes in the Ottoman Empire, 1850-1914)», խմբագիր՝ Քենթ Ֆ. Շուլ (Kent F. Schull), Էտինպըրկի համալսարանի Օսմանեան կայսրութեան ուսումնասիրութիւններու մատենաշար, Էտինպըրկի համալսարանի հրատարակչութիւն, Էտինպըրկ – Միացեալ Թագաւորութիւն, Փետրուար 2025, 312 էջ, 15,6 x 23,4 սմ. (4 քարտէսներ, 5 սեւ-ճերմակ լուսանկարներ), անգլերէն: