
Ռուբէն Վարդանեան Պաքուի մէջ շարունակուող շինծու դատավարութեան ընթացքին 4 Մարտին եւս մերժեց ցուցմունքներ տալ, բայց մեղադրող դատախազները ուղղեցին իրենց հարցումները:
Ատրպէյճան, ինչպէս կը հաղորդեն Ատրպէյճանի պետական լրատուամիջոցները, անդրադարձաւ Վարդանեանի մարդասիրական նախաձեռնութիւններուն՝ յայտնելով, որ իբր թէ անոնց շղարշին տակ Վարդանեան «զէնք-զինամթերք տեղափոխած է Լեռնային Ղարաբաղ»: Բացի այդ, եղան հարցումներ նաեւ Արցախի մէջ ռազմական արդիւնաբերութեան եւ անօդաչու թռչող սարքերու արտադրութեան շուրջ Վարդանեանի բանակցութիւններուն մասին:
Վարդանեանի լռութեան պայմաններուն մէջ, դատական նիստին ընթացքին իբրեւ ապացոյց ներկայացուեցան Վարդանեանի` WhatsApp-ով, Signal-ով ու Telegram-ով ուղարկուած նամակագրութիւնները եւ ձայնային պատգամները: Ատրպէյճանական «Ազերթաճ»ը կը փոխանցէ, թէ այդ տուեալները «հաւաքած է Ատրպէյճանի պետական ապահովական ծառայութիւնը»:
Ասոր զուգահեռ, Ռուբէն Վարդանեան, ըստ անոր համախոհներուն, 16րդ օրն ըլլալով կը շարունակէ հացադուլը Պաքուի բանտին մէջ: Իսկ Ատրպէյճանի իշխանութիւնը յայտարարեց միջազգային Կարմիր Խաչի գրասենեակը փակելու մասին։
Ըստ Վարդանեանի աջակիցներուն՝ այս բոլորին լոյսին տակ, անարձագանգ կը մնան արտերկրէն փաստաբան եւ բժիշկ ներգրաւելու իրենց կոչերը:
18 Փետրուարէն ի վեր բողոքի ծայրայեղ միջոցի մը դիմած Ռուբէն Վարդանեան իր հացադուլով աշխարհին ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ, ինչպէս ան իր ընտանիքին միջոցով փոխանցած էր, իրեն նկատմամբ դատական շինծու նիստին վրայ: Անոր ամերիկացի փաստաբանը ահազանգած էր Ատրպէյճանի մէջ Վարդանեանի կեանքին սպառնացող վտանգին մասին:
«Այս պահին որեւէ նոր տեղեկութիւն չկայ», «Ազատութեան» յայտնեց «Ապրելու Երկիր» կուսակցութեան համահիմնադիր Մեսրոպ Առաքելեան, որ Վարդանեանի՝ հացադուլը դադրեցնելը կարեւոր նկատեց:

Միւս կողմէ, «Ապրելու Երկիր» կուսակցութեան նախագահ Մանէ Թանդիլեան ուշքը կորսնցուց եւ հիւանդանոց տեղափոխուեցաւ. ան 5րդ օրը ըլլալով հացադուլ կը կատարէ՝ իբրեւ զօրակցութիւն Ռուբէն Վարդանեանի։ Բժիշկները Մանէ Թանդիլեանին խորհուրդ տուին հացադուլը դադրեցնել, սակայն ան հացադուլը շարունակեց։ « Իմ եւ մեր ընկերների խնդրանքը շարունակում է մնալ նոյնը` ուղղուած Ռուբէն Վարդանեանին դադարեցնելու հացադուլը», ըսաւ Թանդիլեան: