2007ի կէսերուն Սպիտակ տան բանբեր Թոնի Սնօ լրագրողներուն յայտնեց, թէ նախագահ Ճորճ Պուշ Իրաքի մէջ Միացեալ Նահանգներու զինուորական ներկայութեան հեռանկարով նկատի ունի քորէական տարբերակը։ Այդ տարբերակին համաձայն, բացատրեց ան, Միացեալ Նահանգներու ներկայութիւնը կ՚ապահովէ Իրաքի անվտանգութիւնը, «տարիներու ընթացքին Հարաւային Քորէայի մէջ զարգացաւ յաջողակ ժողովրդավար համակարգ մը եւ, հետեւաբար, Միացեալ Նահանգները այնտեղ ներկայ են իբրեւ կայունացման ուժ»։
Նախագահ Պուշի տեսակէտին անմիջապէս արձագանգեցին պաշտպանութեան նախարար Ռապըրթ Կէյթս եւ Իրաքի մէջ ամերիկեան զինեալ ուժերու գործողութիւններու վերահսկիչ հրամանատարի տեղակալ Ռէյմընտ Օտիէռնօ։ 31 Մայիսին, Հաուայեան կղզիներու մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Կէյթս ըսաւ, թէ՝ «երկար ժամանակի համար ծրագրուած ներկայութիւն մը Միջին Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցներուն կ՚երաշխաւորէ, թէ Միացեալ Նահանգները Իրաքէն պիտի չքաշուին, այնպէս ինչպէս քաշուեցան Վիեթնամէն»։
Պաղտատի մէջ լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով՝ Օտիէռնօ իր կարգին դիտել տուաւ, թէ երկարաժամկէտ ներկայութիւն մը կը նշանակէ օգնել Իրաքի կառավարութեան, որ ինքզինք հաստատէ։ Իրաքեան ուժերն են, ըսաւ զինուորականը, որ անվտանգութիւնը պիտի ապահովեն, սակայն ամերիկեան զինուորական ներկայութիւնն է, որ անոնց պիտի տայ անհրաժեշտ զօրակցութիւնը տագնապներու ժամանակ։ Այդուհանդերձ, ան ընդգծեց, որ մինչ Քորէայի մէջ Միացեալ Նահանգներու զինուորական ներկայութիւնը արտաքին վտանգի կանխարգիլման նպատակին կը ծառայէ, Իրաքի մէջ մարտահրաւէրը ներքին թշնամին է։
ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆԸՆՏՐԱՊԱՅՔԱՐԷՆ ԱՆԴԻՆ
Գործադիր իշխանութեան մակարդակով կատարուած այս յայտարարութիւնները առաջին հայեացքով կը մեկնաբանուին Միացեալ Նահանգներու 2008ի նախագահական ընտրութիւններու տրամաբանութեան ծիրին մէջ։ Փաստօրէն, Պուշ կը բացառէ Իրաքէն քաշուելու ժամանակացոյցի դեմոկրատներու պահանջը։ Եւ, ամէն պարագայի, Քոնկրէսը 24 Մայիսին արտօնած էր 100 միլիառ տոլարի յաւելեալ յատկացում մը՝ Աֆղանիստանի եւ Իրաքի մէջ պատերազմական գործողութիւններուն համար, առանց այդ յատկացումը դեմոկրատներու առաջարկով պայմանաւորելու։
Սակայն Իրաքի մէջ Միացեալ Նահանգներու երկարաժամկէտ ներկայութեան հեռանկարին մասին հանրային այս առաջին յայտարարութիւնները կը յուշեն Սպիտակ տան համար արդէն ծայր առած ընտրապայքարի գործընթացէն աւելին։ Ցարդ Իրաքի մէջ Միացեալ Նահանգներու զինուորական ներկայութեան հեռանկարին մասին պաշտօնական յայտարարութիւնները ընդհանրապէս անորոշ եւ վերացական կ՚ըլլային։ Հիմա արդէն յստակ է, որ որոշ բնորդ մը կայ Պուշի վարչակարգի մտքին մէջ, եւ քաղաքական մարտահրաւէրը անոր մասին դեմոկրատներու հետ համաձայնութեան հասնիլն է։ Ի վերջոյ, Պուշ Սպիտակ տունէն պիտի հեռանայ 2008ին եւ պատմութեան անցնելու իր գլխաւոր խաղաքարտը Իրաքն է։
Աւելի՛ն. դեմոկրատները իրե՛նք տակաւին չունին միատեսակ կեցուածք, եւ քիչ չէ թիւը դեմոկրատ այն ղեկավարներուն, ներառեալ՝ նախագահական թեկնածու Հիլըրի Քլինթընի, որոնք ոչ միայն իրաքեան զինուորական միջամտութեան թեր քուէարկեցին 2002ին, այլեւ իրենց յայտարարութիւններով ոչ մէկ կասկած կը ձգեն Միջին Արեւելքի մէջ մօտաւորապէս նոյն քաղաքական ու ռազմավարական ուղեգիծի շարունակման իրենց մտադրութեան մասին։ Փաստօրէն, Քոնկրէսի մէջ մեծամասնութիւն ըլլալով հանդերձ, եւ հակառակ անոր, որ Մայիսին ժողովրդային վերջին հարցախոյզը, որ կատարուեցաւ Քոնկրէսի մէջ Պուշի պահանջած յաւելեալ 100 միլիառ տոլարի քուէարկութեան օրերուն, ցոյց կու տար, որ հանրային կարծիքին 61 տոկոսը կը նախընտրէր, որ Միացեալ Նահանգները դուրս մնացած ըլլային Իրաքէն, առանց որոշ դեմոկրատներու քուէին Պուշի պահանջած գումարը չէր կրնար տրուիլ առանց պայմանաւորումի։
«ՍԸՐՃ»Ի ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՅԱՉՈՂՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆՈՎ
Յունիսի կէսերուն ամբողջացաւ Պուշի՝ Իրաքի կայունացման ծրագիրին, ծանօթ՝ «սըրճ» անունով, վերջին հանգրուանը, որուն համաձայն 8 հազար յաւելեալ զինուորներ պիտի ժամանեն հոն՝ տարեսկիզբէն ի վեր Իրաքի մէջ արդէն գործող զինուորներուն թիւը 28,500 նորերով աւելցնելով։ Յիշեցնենք, որ Պուշ այս ծրագիրը յղացաւ եւ դեմոկրատ Քոնկրէսին հաւանութիւնը ստացաւ՝ իբրեւ այլընտրանք հանրապետական Ճէյմզ Պէյքըրի եւ դեմոկրատ Լի Հեմիլթընի գլխաւորած երկկուսակցական Իրաքի ուսումնասիրութեանց խմբակի ներկայացուցած ծրագիրին։ Այս վերջինը կ՚առաջադրէր աւելի հաւասարակշռուած եւ տարածաշրջանային զգայնութիւնները նկատի առնող մօտեցում, որ Միացեալ Նահանգներու ուժերու Իրաքէն հեռացման ժամանակացոյցի հաստատման առընթեր կը նախատեսէր Սուրիոյ եւ Իրանի ընդգրկումը Միջին Արեւելքի կացութեան կայունացման նպատակով տեղի ունենալիք բանակցութիւններու մէջ, ինչպէս նաեւ՝ պաղեստինեան հարցին լուծում մը։ Ի տարբերութիւն այս մօտեցման՝ «սըրճ»ի ռազմավարութիւնը կը նպատակադրէ հիմնականին մէջ մեծ քաղաքներու, եւ առաջին կարգին՝ Պաղտատի կայունացումը, որմով եւ կը պայմանաւորուի Իրաքի զինուորական միջամտութիւնը իբրեւ քաղաքական յաջողութիւն ներկայացնելու հեռանկարը։
Մինչեւ ընթացիկ տարուան Դեկտեմբերը, Պուշի վարչակարգին համար անհրաժեշտ է այդ քաղաքական յաջողութիւնը հաւատալի ձեւով ներկայացնել հանրային կարծիքին։ Ատոր յաջողութենէն կախեալ է Միջին Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայութեան մնայուն բնոյթ տալու համընդհանուր համաձայնութիւն մը՝ Ուաշինկթընի քաղաքական շրջանակներուն մէջ։ Եւ ամէն պարագայի, մինչ քաղաքական գործընթացը այս ուղղութեամբ արդէն ծայր առած է, զինուորական գետնի վրայ Փենթակոնի մէջ արդէն կը ծրագրուին Միջին Արեւելքի մէջ երկարաժամկէտ կեցութեան ռազմավարութեան մարտավարական մանրամասնութիւնները։
ՊԱՂ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԷՉԸ ՓԱԿԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Փաստօրէն, յաջորդ ամիսները ճակատագրական պիտի ըլլան Միացեալ Նահանգներու «յետպաղպատերազմեան մեծն ռազմավարութեան» վերջնական հաստատագրման իմաստով։ Անով ալ վերջնականապէս պիտի փակուի համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք Ճորճ Քենընի ներշնչումով ձեւաւորուած եւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքական դասին մօտ լայն համախոհութիւն գտած համայնավարութեան ծաւալումը զսպելու նպատակը հետապնդող եւ «քընթէյնմընթ» անունով ծանօթ «մեծն ռազմավարութիւնը»։ Փոխարէնը, առնուազն 21րդ դարու առաջին կիսուն, Ուաշինկթընի միջազգային քաղաքականութիւնը պիտի հիմնուի «փրայմըսի» անունով ծանօթ ռազմավարութեան վրայ, որուն նպատակն է երաշխաւորել Միացեալ Նահանգներու համաշխարհային տիրապետումը։ Եւ եթէ «քընթէյնմընթ»ի ռազմադաշտը հիմնականօրէն ՆԱԹՕի եւ Վարշաւիոյ ուխտին միջեւ բաժնուած Եւրոպան եղաւ, «փրայմըսի»ն հիմնականօրէն տեսանելի պիտի ըլլայ Հիւսիսային Ափրիկէէն մինչեւ Կեդրոնական Ասիա երկարող ցամաքամասին վրայ, եւ յատկապէս՝ Միջին Արեւելքի մէջ։ Այդ աշխարհագրական տարածքին մէջ է, որ կը գտնուին աշխարհի ուժանիւթի երկու գլխաւոր աղբիւրներու՝ քարիւղի եւ բնական կազի պահեստները։ Այդ աշխարհագրական տարածքն է նաեւ, որ ծննդավայրն է (եւ պիտի մնայ) Միացեալ Նահանգներու անվտանգութեան ամէնէն մեծ սպառնալիքին՝ իսլամ ծայրայեղականութեան։
«ՅԵՏԳՐԱՒՄԱՆ» ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ԾՐԱԳՐՈՒՄԸ
10 Յունիս 2007ի «Ուաշինկթըն փոսթ»ի համարով կը բացայայտուէր Միացեալ Նահանգներու երկարաժամկէտ ներկայութեան զինուորական երեսին ծրագրումը։ Ըստ Թամըս Ռիքսի Պաղտատէն ուղարկուած թղթակցութեան, որ պատրաստուած է աւելի քան երկու տասնեակ բարձրաստիճան սպաներու, հրամանատարներու եւ ռազմագէտներու հետ կատարուած հարցազրոյցներու հիման վրայ, 2008ի աւարտին կամ 2009ի սկզբնաւորութեան, ներկայիս Իրաքի մէջ գործող մօտ 150 հազար ամերիկեան զինուորներու երկու երրորդը պէտք է հեռացած ըլլայ։ Մնացեալ մէկ երրորդին համար կը նախատեսուի տարիներու վրայ երկարող առաքելութիւն։ Աւելի իրապաշտ, քան՝ Ուաշինկթընի քաղաքական դէմքերը, որոնք ուժերու ճակատագիրը կ՚որոշեն բացարձակ չափանիշներով, ռազմաճակատի վրայ գտնուող զինուորականները գիտեն, որ նոյնիսկ ամբողջական հեռացում մը չի կրնար անմիջական ըլլալ, տրուած ըլլալով, որ առնուազն տասը ամիս անհրաժեշտ է բոլոր գոյքերն ու զինամթերքը Իրաքէն դուրս բերելու համար։ Սակայն նոյն այդ զինուորականները նաեւ կը պնդեն, որ Իրաքի մեծամասնական շիի տարրին նոյնիսկ ամէնէն հակաամերիկեան տիպարները, ինչպիսին է՝ իմամ Մոքթատա Սատր, հազիւ թէ իսկապէս փափաքին ամերիկեան ուժերու ամբողջական հեռացումը։
Ինչ կը վերաբերի աւելի սահմանափակ թիւով զինուորներու երկարաժամկէտ կեցութեան, ան կը յատկանշուի չորս հիմնական տարրերով։ Անոնցմէ առանցքայինը 20 հազար հաշուող զօրամաս մըն է, որուն առաքելութիւնը պիտի ըլլայ Իրաքի կառավարութեան անվտանգութեան երաշխաւորումը եւ իրաքեան ուժերուն օժանդակել։ Երկրորդը, 10 հազար հաշուող զօրամաս մը՝ մարզելու համար Իրաքի զինեալ ուժերն ու ոստիկանութիւնը։ Աւելի փոքր թիւով «յատուկ գործողութիւններու» միաւոր մը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ սիւննի «Քայիտա»ի հետեւորդներու դէմ պայքարին մէջ։ Վերջապէս, այլ 10 հազար զինուորներու պիտի վստահուի խարիսխներու եւ կարեւոր շէնքերու անվտանգութեան հսկողութիւնը։
Սպասելիօրէն, այս աւելի փոքրաթիւ ներկայութեան ուշադրութեան հիմնական առանցքը պիտի ըլլայ մայրաքաղաք Պաղտատը, որ արդէն «սըրճ»ի ռազմավարութեան գլխաւոր թիրախն է։ Նախապէս քաղաքներէ հեռու եւ մեկուսացած խարիսխներու մէջ կեդրոնացած ամերիկեան զինուորական ներկայութեան բնոյթը արդէն փոխուած է։ Բաժնուած 60 փոքր յառաջապահ դիրքերու, որոնք հաստատուած են Պաղտատի շրջակայքը, ամերիկեան զինուորներ աւելի խոցելի են ըմբոստներու յարձակումներուն դիմաց, սակայն աւելի մօտ՝ բնակչութեան, որոնց համակրանքը, եթէ ոչ՝ գործակցութիւնը, շահիլը արդէն մաս կը կազմէ ռազմավարութեան։ Առանց մեծ քաղաքներու, յատկապէս Պաղտատի կայունացման, կարելի չէ քաղաքական կամ զինուորական յաջողութեան մը մասին խօսիլ։
ԻՐԱՔԸ՝ ՄԻՉԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՅԱՌԱՉԱՊԱՀ ԽԱՐԻՍԽ
Երբ Յունուար 2009ին նախագահ Պուշ հեռանայ Սպիտակ տունէն եւ այս յետգրաւման հանգրուանի ծրագրումը ամբողջացած եւ գործնականացած ըլլայ, Իրաքը արդէն վերածուած կ՚ըլլայ Միացեալ Նահանգներու Միջին Արեւելքի յառաջապահ խարիսխին: Անոր դերը կրկնակի պիտի ըլլայ. առաջին՝ արգելք հանդիսանալ, որ շրջանին մէջ ոչ մէկ պետութիւն յաւակնի իր վերահսկողութեան տակ առնել քարիւղի պահեստները եւ խանգարէ քարիւղի հոսքը միջազգային շուկաներ, երկրորդ՝ «ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ»ի ռազմադաշտը պահել Միացեալ Նահանգներու տարածքէն հեռու եւ, ի հարկին, կանխահարուած տալ ահաբեկիչներու:
Դժուար չէ տեսնել, որ այս ծրագրումին մէջ Իրաքի ժողովրդավարացումը, եւ Իրաքի օրինակով Միջին Արեւելքի ժողովրդավարացումը պարզապէս տեղ չունի: Անոր փոխարէն, սակայն, շրջանին մէջ պետական եւ ոչ պետական դերակատարներու հետ ուժերու հաւասարակշռութեան հաշիւներով համաձայնութիւններն ու դաշինքները կենսական կարեւորութիւն կը ստանան: Այսպէս, յետգրաւման հանգրուանի զինուորական ծրագրումը չի կրնար յաջողիլ՝ առանց զայն ամբողջացնող քաղաքական համաձայնութիւններու եւ յանձնառութիւններու: Միջին Արեւելքի մէջ Իսրայէլի կողքին, Միացեալ Նահանգներու ամէնէն վստահելի դաշնակիցները ցարդ Իրաքի քիւրտերն են, որոնք իրենց ազգային շահերէն ու նպատակներէն մեկնած՝ ամէնէն աւելի շահագրգռուած են ամերիկեան զինուորական ներկայութեան յարատեւումով: Հետեւաբար Միացեալ Նահանգներու առաջին մարտահրաւէրը Իրաքի մէջ թրքական ներխուժման կամ զինուորական որեւէ արկածախնդրութեան կանխարգիլումն է:
ԻՐԱՆԻ ՀԵՏ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐԸ
Երկրորդ, անխուսափելի պիտի ըլլայ իսլամութեան ներքին՝ շիի-սիւննի, պառակտումին եւ արիւնալի բախումին ծիրին մէջ ուժերու հաւասարակշռութեան ռազմավարութիւն մը: Ամէն ինչ կու գայ ցոյց տալու, որ Միացեալ Նահանգներու շիիներ համաձայնութիւն մը փոխադարձ շահագրգռութեան հիման վրայ բանական ենթահող մը ունի: Ի վերջոյ հակաամերիկեան իսլամական արմատականութիւնը սիւննիական «ճիհատ»ն է, որ նոյնքան ատելավառ է հերձուած համարուող շիիներուն նկատմամբ, որքան՝ Իսրայէլի, Միացեալ Նահանգներու կամ ընդհանրապէս Արեւմուտքի դէմ:
Ճիհատականութեան ղեկավարներուն հետ քաղաքական երկխօսութեան պայմաններ պարզապէս չկան, որովհետեւ սիւննի արմատականները ներկայացուցիչ պետութիւն չունին: Միջին Արեւելքի մէջ սիւննի աւանդական երեք պետութիւններու՝ Սէուտական Արաբիոյ, Յորդանանի եւ Եգիպտոսի վարչակարգերը Միացեալ Նահանգներու «յաճախորդ» վարչակարգեր են, կը մնան իշխանութեան գլուխ՝ շնորհիւ Ուաշինկթընի տուած ֆինանսական թէ զինուորական օժանդակութեան, կախեալ են այդ օժանդակութենէն:
Ի տարբերութիւն սիւննիներուն, շիիները՝ Իրաքէն մինչեւ Լիբանան, ունին պետութիւն մը, որ նոյնիսկ եթէ ներկայացուցիչ չնկատեն, ամէն պարագայի իրենց դաշնակիցն ու գլխաւոր պաշտպանը կը համարեն: Այդ պետութիւնը Իրանն է:
Այս վերջինին հետ ուղղակի բանակցութիւնները, սակայն, քաղաքական իրենց գինը ունին: Առաջին հերթին, շրջանին մէջ Իրանի դերակատարութեան ընդունումը Ուաշինկթընին համար կրնայ շրջանային նոր ուժի մը յառաջացման հաւանական վտանգը ունենալ:
Երկրորդ, Իրանի հետ որեւէ համաձայնութիւն կրնայ նուազեցնել Իսրայէլի կարեւորութիւնը իբրեւ ռազմավարական ամենավստահելի դաշնակիցի՝ Միջին Արեւելքի մէջ, ոչ միայն ու բացառապէս Ուաշինկթընի մէջ այսպէս կոչուած «Իսրայէլի լոպպի»ին պատճառով, այլ պարզապէս որովհետեւ Իսրայէլ իր բնական սահմանափակումներով չի կրնար այնքան մը տարածել իր ազդեցութիւնը, որ վերահսկողութեան տակ առնէ քարիւղի պահեստները:
Երրորդ, կայ 1979ի իսլամական յեղափոխութենէն ետք Թեհրանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան գրաւման յիշատակին կշիռը ներքաղաքական իրականութեան մէջ:
Այս բոլորով հանդերձ, Միջին Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներու զինուորական երկարաժամկէտ ներկայութիւնը կարծէք անխուսափելի կը դարձնէ Իրանի հետ համաձայնութիւնը: Մայիս ամսուան ամէնէն յատկանշական իրադարձութիւններէն մէկը, որ Կազայի եւ Լիբանանի մէջ արիւնալի բախումներու լուրերու յորձանուտին մէջ գրեթէ աննկատ անցաւ, Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի համաձայնութիւնն էր՝ դեսպաններու մակարդակով ուղղակի բանակցութիւններ սկսելու: Լուրը առանձինն ուշագրաւ է, որովհետեւ անոր մասին առաջին անգամ յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Տիք Չէյնիի գրասենեակը եւ անմիջական դրական պատասխան ստացաւ Իրանի իսլամական հանրապետութեան նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատէն: Մայիսի վերջին շաբթուան սկիզբը երկու երկիրներու դեսպանները Պաղտատի մէջ հանդիպեցան եւ առաջին անգամ ըլլալով ուղղակիօրէն խօսակցութիւններ ունեցան Իրաքի կացութեան կայունացման մասին:
ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ՝ ԿՈՎԿԱՍԻ ՎՐԱՅ
Ոչինչ անշուշտ կ՚երաշխաւորէ, որ այս բանակցութիւնները արդիւնաւորուին: Նուազ է երաշխիքը անոնց ընդմիջման բացառումին, ըլլա՛յ Ուաշինկթընի թէ Թեհրանի մէջ կեցուածքի կարծրացման այլընտրանքին վերադարձով, եւ ըլլայ երրորդ կողմի մը, շատ հաւանաբար՝ Իսրայէլ կամ Թուրքիա, աննախատեսելի միջամտութեան պատճառով: Հարցական է մասնաւորաբար Իրանի պատրաստակամութիւնը՝ զիջելու հիւլէական ուժանիւթի զարգացման իր ծրագիրներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Ուաշինկթընի հանդուրժողականութեան չափը՝ Իրանի ազդեցութեան ծաւալման շրջանին մէջ: Սակայն երկու երկիրներու շահերու մօտեցման ենթահողը կայ, եւ ուրեմն քաղաքական գործընթացի զարգացումը հոն կրնայ առաջնորդել:
Ուժերու հաւասարակշռումի շատ զգայուն հաշուարկներու հիմամբ առաջ տարուող քաղաքական թէ զինուորական այս գործընթացը կրնայ յատկանշել յաջորդ ամիսներու միջինարեւելեան զարգացումներու ընդհանուր ուղղութիւնը: Բնականաբար Ուաշինկթըն իր ամբողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած պիտի ըլլայ Միջին Արեւելքի վրայ, հետեւաբար դժուար թէ գործնական քաղաքականութիւն ծաւալէ կարողականօրէն տագնապալի, եթէ ոչ՝ պայթիւնավտանգ, այլ շրջաններու, որոնց շարքին՝ Կովկասի ուղղութեամբ: Ընդհակառակը, ի մասնաւորի Կովկասի մէջ Ուաշինկթըն պիտի փափաքի կայուն իրավիճակ մը, եւ այս հանգրուանին կը բացառուի որեւէ փորձ իր ազդեցութիւնը ձեւով մը աւելցնելու:
Այս չի նշանակեր անշուշտ ազատ ասպարէզ տալ Ռուսիոյ վերադարձին կամ անտեսել Մոսկուայի ազդակը: Ընդհակառակ Լեհաստանի եւ Չեխիոյ մէջ հակահրթիռային իր ծրագիրով, ինչպէս նաեւ Քոսովոյի անկախութեան զօրակցութեամբ, Ուաշինկթըն կը թուի, թէ Ռուսիոյ հետ մրցակցութիւնը կ՚ուզէ տեղափոխել Պաղ պատերազմի մրցակցութեան բեմ, ինչ որ, օրինակի համար, կը բացառէ ՆԱԹՕի տարածումը դէպի Կովկաս՝ նոր լիիրաւ անդամներու ներգրաւումով, որքան որ ալ այդ մասին պահանջ գայ Թիֆլիսէն, կամ նուազ չափով՝ Պաքուէն:
Իրաքի մէջ Միացեալ Նահանգներու երկարաժամկէտ կեցութեան հաստատագրումը, սակայն, աշխարհաքաղաքական նոր կացութիւն մը պիտի ստեղծէ Կովկասի համար: Ամէն ինչ, անշուշտ, կախում ունի, թէ ի՛նչպէս եւ որքա՛ն յետգրաւման ծրագրումը պիտի յաջողի կայունացնել երկիրը եւ անոր հետեւումով՝ Միջին Արեւելքը: Զինուորական յաջողութիւններու կողքին, եւ թերեւս անոնցմէ աւելի, ինչ որ այս իմաստով կը շեշտուի Միացեալ Նահանգներու շրջանային համաձայնութիւններու բնոյթն է: Ամէն պարագայի, եթէ Ուաշինկթըն կարենայ աշխարհին կամայ թէ ակամայ ընդունելի դարձնել իր երկարաժամկէտ կեցութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ, եթէ նման հեռանկարի ընկալումը համոզիչ դառնայ Կովկասի մէջ, ապա եւ անխուսափելիօրէն պիտի ստեղծուի քաղաքական կարողական տեղաշարժերու նոր կացութիւն մը, որուն հեռանկարով ալ այժմէն իսկ անհրաժեշտ է պատրաստուիլ: