Երեքշաբթի, 25 Փետրուարին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան նախագահեց Ս. Ղեւոնդեանց տօնին առիթով կազմակերպուած թեմի Հոգեւորականաց համագումարին, որ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
Առաջնորդը ժողովական քահանաներուն ուշադրութեան յանձնեց ներկայ պայմաններուն ընձեռած կարելիութիւններուն հիմամբ՝ աւելի եւս ամրապնդել ծուխերուն եւ ժողովուրդին միջեւ ջերմ յարաբերութիւնը եւ սերտ գործակցութիւնը: Այս մասին ծաւալեցաւ քննարկում մը, որուն ընթացքին եղան պարզաբանումներ, մատնանշումներ եւ ներկայացուեցան ուսանելի օրինակներ:
Համագումարին ընթացքին, նաեւ կարծիքներ փոխանակուեցան Մեծ Պահքի շրջանի ծիսական, աւանդական, հոգեւոր եւ ժողովրդային արարողութիւններու կատարման ընթացքին մասին: Հուսկ, տրուեցաւ որոշում՝ ամսական դրութեամբ այսպիսի օգտաշատ քննարկումներ կատարելու՝ յանուն հոգեւոր հովիւ-ժողովուրդ կապի սերտացման եւ շրջաններու ու ծուխերու աւելի եւս զօրացման եւ բարեզարդման:
Յայտնենք, որ համագումարին աւարտին, հոգեւոր հայրեր իրենց սրտագին բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին սրբազան հօր՝ անոր եպիսկոպոս ձեռնադրութեան 25ամեակին առիթով (20 Փետրուար 2000), ապա վերապրեցան առիթին գծով յուշեր, որոնք եզրափակուեցան Գեղամ արքեպիսկոպոսի բարի խորհուրդներով եւ հայրական օրհնութիւններով:
Աւարտին, առաջնորդը հատեց իր 25ամեայ եպիսկոպոսական ծառայութիւնը խորհրդանշող կարկանդակը: