
Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղին՝ Կիրակի, 9 Մարտին, առաւօտեան ժամը 10էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ հանրային հանդիպում մը արհեստավարժ թենիսի մարզիկներու համաշխարհային ցանկին վրայ լաւագոյն 50ին մաս կազմող ռուսահայ մարզիկ Էլինա Աւանէսեանի հետ, որ միջազգային մրցումներու ընթացքին կը ներկայացնէ Հայաստանը։
Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Պըրպենքի թենիսի կեդրոնին մէջ, որուն հասցէն է՝ 249 Amherst Dr, Burbank, CA 91504։
Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ նաեւ ի պատիւ Աւանէսեանի ընթրիք մը, Թըլուքա Լէյքի «Քա Տէ Սօլ» ճաշարանին մէջ; Մասնակցութեան մանրամասնութիւններուն համար դիմել (818) 606-9400 թիւին։