Կազմակերպութեամբ «Համազգային»ի «Լ. Շանթ» մասնաճիւղին, Ուրբաթ, 1 Փետրուարին, Դամասկոսի «Ա. Ահարոնեան» կեդրոնի «Տ. Ստեփանեան» սրահին մէջ իւրայատուկ շուքով նշուեցաւ Վարդանանքը:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Մենար Պետրոսեան, որ անդրադարձաւ տասնհինգ դարերու խորէն եկող, սակայն տակաւին պատգամ փոխանցող, ազգային արժանապատուութիւն արթնցնող տօնին խոր իմաստին: Գեղարուեստական բաժինով հանդէս եկան Դալար Յովսէփեան, Թամար Քիւրտեան եւ Սառա Ղարղնեան:
Օրուան բանախօսն էր Ստեփանոս աբղ. Փաշայեան, որ Վարդանանց ճակատամարտը նկատեց հաւատքի համար մղուած յաղթանակի պատերազմ, որ մինչեւ օրս կը շարունակուի տարբեր ծածկերու տակ: Ան նշեց, որ հայ ժողովուրդը իր գոյութեան ողջ ընթացքին պայքարած է՝ կարենալով դիմագրաւել իր դէմ ցցուող բազմատեսակ մարտահրաւէրներ: Ան նկատել տուաւ, որ հաւատքի գիտակցութեամբ ու զօրութեամբ ամէն հայ կրնայ Վարդան մը ըլլալ
Փակման խօսքն ու իր հոգեպարար պատգամը փոխանցեց արեւելեան Միացեալ Նահանգներու առաջնորդ Օշական արք. Չոլոյեան, որ լուսարձակի տակ առաւ Վարդանանց ոգիին, անոր փոխանցած դաստիարակութեան եւ պատգամին առկայութիւնը մեր կեանքին մէջ: «451 թուականէն մինչեւ օրս գոյապայքար կը մղենք աշխարհի չորս ծագերուն, հոն, ուր հայ կայ, սակայն միշտ ալ կրցած ենք յաղթել, որովհետեւ Վարդան Մամիկոնեան մեզի սորվեցուց ինքնութեան համար պայքարիլ. այդպիսով է, որ մենք կրցած ենք ապրիլ ու մնալ հայ քրիստոնեայ», նշեց ան ու պարտք դրաւ ներկաներուն վրայ Վարդանի եւ միւս նահատակներուն պատգամը փոխանցելու յառաջիկայ սերունդներուն: