ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2007ին «Ռուսալ-Արմէնալ» ընկերութեան արտադրանքը 13 անգամ գերազանցած է 2006ի ցուցանիշը՝ կազմելով 12 հազար 256 թոն, որմէ 1009 թոնը արտադրուած է Դեկտեմբերին:
Ըստ ընկերութեան մամուլի քարտուղար Ալեքսանդր Մելքումեանի, գործարանի արտադրած այիւմինի փայլաթիթեղի արտադրանքի սպառման հիմնական եւ ամենամեծ շուկան եւրոպական երկիրներն են, առաւելապէս՝ Գերմանիան, ուր կ’արտածուի արտադրանքի շուրջ 50 տոկոսը: Լայն սպառում կայ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն մէջ:
Ըստ Ա. Մելքումեանի՝ այս տարուան համար ծրագրուած է արտադրանքի ծաւալը հասցնել 25 հազար թոնի: