Պաքուի մէջ անօրէն կերպով պահուող Ռուբէն Վարդանեանի գործով շինծու դատավարութեան ընթացքին, Վարդանեան ուշքը կորսնցուցած է, եւ նիստը ընդհատուած է, ապա՝ բժշկական զննումէ ետք, անիկա վերսկսած է: Այս մասին կը յայտնեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Ռուբէն Վարդանեան մերժած է ցուցմունք տալ եւ պատասխանել որեւէ հարցումի: Անոր փաստաբանին միջնորդութիւնը` դատարանի կազմը վիճարկելու, անհիմն նկատուած է եւ մնացած է առանց քննարկման:
Յաջորդ «դատական նիստը» ճշդուած է 4 Մարտին:
Յիշեցնենք, որ Վարդանեան 19 Փետրուարին հացադուլ յայտարարեց: Իր ընտանիքին հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին, ան փոխանցեց միջազգային հանրութեան հասցէագրուած իր յայտարարութիւնը` իբրեւ նշան կեղծ «դատավարութեան» դէմ բողոքի։ Ան նաեւ դիմեց աշխարհի առաջնորդներուն, միջազգային կազմակերպութիւններուն, իրաւապաշտպաններուն եւ լրատուամիջոցներուն ու պատմեց, որ ինք զրկուած է պաշտպանութեան իրաւունքէն, միջազգային փաստաբաններու հետ կապ հաստատելու կարելիութենէն, իսկ ատրպէյճանցի պաշտպանին վրայ կան ճնշումներ, եւ իրեն դէմ մեղադրանքը իրեն հասանելի չէ եղած:
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները չեն անդրադառնար Վարդանեանի հացադուլին եւ անոր առողջական վիճակին: Միջազգային կառոյցներու եւ անկախ լրատուամիջոցներու բացակայութեամբ ընթացող այս նիստերէն պատառիկներ միայն ուշ երեկոյեան կը հրապարակուին բացառապէս ատրպէյճանական պետական լրատուամիջոցի մը մատուցումով: