«Պատերազմական յանցագործութիւններ կատարելու մէջ կասկածելիները պատասխանատուութեան ենթարկելը ոչ միայն Ատրպէյճանի իրաւունքն է, այլ նաեւ միջազգային իրաւունքի պարտաւորութիւն», յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Էլնուր Մամետով՝ արձագանգելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի` ՄԱԿի ամպիոնէն կատարած յայտարարութիւններուն:
Միրզոյեան առաջին անգամ ըլլալով միջազգային ատեանէ մը հրապարակաւ անդրադարձաւ Պաքուի մէջ ընթացող դատավարութեան` նշելով, որ ճիշդ այդ պահուն Ատրպէյճանի մէջ կ՛ընթանան կեղծ դատավարութիւններ 23 հայերու նկատմամբ: Միրզոյեան շեշտեց, որ անոնք կամայականօրէն բանտարկուած են, եւ որ կ՛անտեսուին պատշաճ դատավարութեան համար անհրաժեշտ մարդու իրաւունքներու չափանիշները:
Մամետով հակադարձեց Երեւանին` նշելով, թէ Պաքու երաշխաւորած է եւ միջազգային չափանիշներուն համապատասխան ապահոված է մեղադրեալներուն դատավարական իրաւունքները: