Հարաւային Կովկաս, Սուրիա, պաղեստինեան հարցի կարգաւորում եւ Իրանի կորիզային ծրագիր` այս հարցերը քննարկելու համար, 25 Փետրուարին Իրան այցելեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, որ հանդիպում մը ունեցաւ եւ մամլոյ միացեալ ասուլիս մը տուաւ իրանցի իր պաշտօնակիցին՝ Ապպաս Արաղճիի հետ։
«Հարաւային Կովկասի մէջ զարգացումները կը հետաքրքրեն Իրանը եւ Ռուսիան. այսօր մենք մանրամասնուած եւ կառուցողական քննարկում մը ունեցանք` արծարծելով բոլոր հարցերը: Մենք կը փորձենք Կովկասի մէջ խաղաղութեան ուղիներ գտնել Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ, մենք պատրաստ ենք օգնել այդ հարցին մէջ», դռնփակ հանդիպումէն ետք յայտարարեց Արաղճի:
Լաւրով իր կարգին յայտնեց, թէ երկու կողմերուն հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերուն մէջ իրենք ունին ընդհանուր դիրքորոշում մը: «Թէ՛ Ռուսիա, թէ՛ Իրան հաստատակամ են, որ որեւէ հակամարտութիւն պէտք է դիտարկուի բացառապէս ՄԱԿի կանոնադրութեան շրջանակին մէջ, անոր սկզբունքներուն հիման վրայ», ըսաւ Լաւրով։