
ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
ՄԵՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԽՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Շաբաթ մը առաջ, յարգելի ընթերցող, կը յիշէ՞ք, բարձրացած էինք հայկական գրականութեան բանաւոր աշտարակը, ապա անոր տանիքէն դիտած էինք մեր տոհմիկ գրականութեան աշտարակային գագաթները, ինչպէս՝ Ալիշանները, Շնորհալիները, Էմինները… Այդ բառը հայուն համար եղած էր լուսաւորութեան աղբիւր մը, ինչպէս փարոսը՝ նաւերուն համար: Իսկ այսօր, որոշեցի մեր քարաշէն աշտարակի ոլորապտոյտ աստիճաններէն իջնել եւ հասնիլ ստորերկրեայ խարիսխը ու անոր խորհրդաւոր նկուղներուն մէջ որոնել «խոր» բառին գրական պատմութիւնը: Երբ աղօտ ճրագ մը բռնած՝ պիտի քալեմ անոր մութ խորքերուն մէջ, նպատակս է նաեւ հասկնալ, թէ ո՛ր տաղասացը ունեցած է սիրոյ խոր վէրքեր եւ ո՛ր բանաստեղծի հոգին խաւարած է խոր վիշտով:
Ո՜Վ ԽՈՐՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ
Ոսկեդարուն, երբ «խոր» բառը իր գրաւոր ոդիսականը սկիզբ առաւ, բառս արդէն ունէր իմաստի եւ արտայայտութեան խոր ծալքեր: Ինչո՞ւ զարմանալ, երբ հայերէնը նախամաշտոցեան խոր պատմութիւն ունի, իսկ մեր բնաշխարհը զայն մայրական խոր սիրով դիեցուցած է իր խորքերուն մէջ: Առ այդ, հայը երբ Աստուածաշունչ մատեանը իր ձեռքը առաւ՝ ընթերցեց ութսուն տեսակի խորիմաստ խօսքեր: Խորհրդաւոր էին անոնք՝ մերթ խրթին, մերթ դժուարիմաց, ինչպէս՝ «Յոյժ խոր են խորհուրդք Քո», «Խոր են դժոխք», «Ջուր խոր է խորհուրդ սրտի», «Խոր է բերան»: Ապա ծանօթացանք Արարիչի զօրութեան. «Ո՜վ խորք մեծութեան եւ իմաստութեան եւ գիտութեանն Աստուծոյ»: Սուրբ Գիրքին մէջ բառս նշանակեց խորութիւն՝ «Ի խորոց կարդացի առ քեզ», վիհ՝ «Խորային վիշապ», խորին վայր՝ «Ի խորոց կարդացի առ քեզ», ջուրի յատակ՝ «Ցամաքեսցին ամենայն խորք գետոց», ծովու յատակ՝ «Ընկղմեցի ՛ի խորս ծովու», իսկ իբրեւ մակբայ՝ շատ, սաստիկ. «Ի խոր ննջեմ»:
ԽՈՐ ՅԱՐԳԱՆՔ
«Խոր» բառը պատկերաւոր ածական է: Մարդը կը սիրէ խորութիւն, որքան ալ մութ ըլլայ անիկա. արդեօք որովհետեւ մայրութեան խոր արգանդին մէ՞ջ ձեւաւորուած ենք: Կը յիշէ՞ք Դանիէլ Վարուժանն էր, որ դար մը առաջ, առաջին անգամ այդ գաղափարը գործածեց: Բանաստեղծը, անկասկած արգասաւոր օր մըն էր, երբ նայելով գեղեցկութեան արձանին՝ խնդրեց. «Կ՛ուզեմ ըլլայ քու մարմարիո՛նդ պեղուած / Ոլիմպոսի ամէնէն խոր արգանդէն»: Հետեւաբար «խոր» բառին արգանդէն ծնունդ առին անհամար արտայայտութիւններ, մեծամասնութեամբ՝ բացասական եւ տխուր, ինչպէս, խոր՝ տգիտութիւն, տխրութիւն, խաւար, վէրք, աղքատութիւն, ծերութիւն, ատելութիւն, մոռացում, թմրութիւն, թշուառութիւն եւ թշնամութիւն: Բայց եղան օրեր, երբ հայը ցոյց տուաւ խոր՝ խոնարհութիւն, յարգանք, երկիւղ, հաւատարմութիւն եւ դատողութիւն, այսինքն՝ մեր ազգային նկարագիրի բոլոր բարի կողմերը:
ՎԻՐԱՊՆԵՐՈՒ ԽՈՐԱԳՈՅՆԸ
Հայու Սուրբ պատարագի առաջին երգն է «Խորհուրդ Խորին»: Իր ամէնէն սիրած աղօթագիրքը Գրիգոր Նարեկացիի սրտակից զրոյցն է Աստուծոյ հետ՝ «Ի Խորոց Սրտից»: Աւելին՝ խորազգաց, խորաքնին, խորարմատ եւ խորաթափանց ազգս իր երկիրն ալ որոշեց կոչել «խոր»: Այժմ, յարգելի ընթերցող, ես կ՛առաջարկեմ, որ մենք հայոց երկրի խորքերուն, խոր-խոր ձորերուն մէջ մտովի ուխտագնացութիւն մը կատարենք: Ահա քանի մը հայրենի վայրեր՝ ըստ մեր Բնաշխարհիկ բառարաններուն. «Խորագոյն Հայք»՝ Մեծ Հայքի նահանգ, «Խորակերտ»՝ մենաստան, քաղաք, վանական համալիր, յուշարձանախումբ, «Խորաձոր»՝ ամրոց եւ վանք, «Խորաձորք»՝ վայր Գայլ գետի աւազանին մէջ, «Խորբազուկ»՝ գիւղ, «Խորափոր»՝ լեռնագագաթ, «Խորձոր»՝ գետակ, գաւառ, գիւղ, «Խորուձոր»՝ վանք, անապատ, եւ «Խորանիստ»՝ Շիրակի գաւառին մէջ Վարդանի զօրքերուն կողմէ ազատագրուած գիւղ, զոր Եղիշէն յիշատակեց: «Խոր» բառը ո՛չ սարսափ ներշնչեց հայուն, ոչ ալ մթութիւն, չէ՞ որ հայը իր Լուսաւորիչը գտաւ շատ խոր վիրապի մը մէջ եւ այդ վայրը դարձուց՝ սրբավայր: Իսկ Յովհաննէս Շիրազի միտքը, օր մը արծիւի բարձր թռիչք առաւ: Բանաստեղծը տեսաւ, թէ ամբողջ Հայաստանն է սրբավայր. «Իրա՛ւ… Բարձրից, թէ խոր նայես հայոց մօտիկն ու հեռուին՝ / Ողջ Հայաստան կը նմանուի իր թեւաբաց մայր արծիւին»: Խորհրդաւոր էր այս տեսանկիւնը, սակայն որպէսզի բոլորս հասկնանք, թէ ի՛նչ էր իր խորածածկ միտքը, ան մեզի շնորհեց հետեւեալ մեկնաբանութիւնը. «Թեւերից մէկն Արագածն է, մէկը Սիփան սարն է սէգ, / Մասիս լեռն է գլուխն արծուի, որ չի թեքում նա երբեք, / Հսկայ արծուի զոյգ աչքերից մէկը ծովն է իր Վանայ, / Միւս աչքին թէ լաւ նայես՝ կ՛ասի ծովն եմ Սեւանայ»: Սիամանթոյի եւ հայրենիքի ողբերգական պատմութիւնն էր, զոր Շիրազը պատմեց մեզի «Սիամանթօ եւ Խջեզարէ» ստեղծագործութեան մէջ: Այդ երկարաշունչ քերթուածը լի է սիրոյ խորութիւններով: Յաջորդ յօդուածիս մէջ կը խոստանամ քանի մը մէջբերումով անդրադառնալ այդ երկին:

ՁՈՐԵՐԸ ԱՒԵԼԻ ԽՈՐ ԵՆ ՀԻՄԱ
Հայ մտաւորականը «խոր» բառը գործածեց որպէսզի իր միտքի խորութիւնները երեւան հանէ: Կարսեցի իւրայատուկ առակագիր Մկրտիչ Կորիւնը (Կորիւն Մկրտիչեան, 1913-1984) երկտողի մը մէջ ամփոփեց իմաստուն միտք մը. «Թրի կտրածը բուժւում է մի օր, լեզուի կտրածը մխում է միշտ խոր»: Պարոյր Սեւակը խօսեցաւ հայրենասիրութեան մասին. «Չկայ աւելի խոր զգացում, քան հայրենասիրութիւնը»: Ապա եկան ուրիշներ եւ արտայայտուեցան կեանքն ու բնութիւնը ըմբռնելու մասին: Պոլսոյ մէջ, Մատթէոս Զարիֆեան, մայրամուտին Մարմարա ծովը դիտեց եւ մրմնջաց. «Երբ իրիկուան ծովը դիտես, / Կը տեսնես խոր իրերն անտես»: Լեւոն Շանթի համար վերջալոյսի շողերն ալ չէին հարկաւոր տեսնելու համար ճշմարտութիւնը. «Բոլոր մեծ խորութիւնները միայն խաւարի մէջ կարելի է տեսնել»: Իսկ Համօ Սահեանը սպասեց, որ Լոր գիւղի մէջ ամպրոպ ըլլայ, որպէսզի Զանգեզուր աշխարհը ցոյց տայ իր ամբողջ գեղեցկութիւնը. «Ամպրոպից յետոյ / Սարերն աւելի բարձր են երեւում, / Խոր են երեւում ձորերն աւել»ջ:
ՀՈՎԻՒԸ ՄՆԱՑ ԽՈՐ ՁՈՐԻ ՄԷՋ
Ձորի խորը… Ներշնչման ի՜նչ աղբիւր հայ բանաստեղծի եւ երգահանի համար… Այդ երգերէն մէկը հայ ժողովուրդին սիրելի Հինգալան է: Այդ երգին մէջ կայ հովիւի բաժին ինկած՝ «խոր ձորի մէջ» մնալու դժբախտ վիճակը: Գիտէք, հովիւը հասարակ, սովորական մարդ է, իսկ Հինգալան, ըստ մէկ մեկնաբանութեան՝ Շումերական բարձրաշխարհիկ դիցուհի: Երգին մէջ սիրավառ տղան չ՛արժանանար իր սիրածի սիրոյն, կը նուագէ սիրոյ երգը, իրեն կ՛երեւին սիրածին վառ այտերը, անոր բոց աչքերը, ապա սարի վրայ կը տխրի խեղճ հովիւը՝ կը մնայ խոր ձորի մէջ. «Ա՛յ, խե՛ղճ հովիւ, քեզ բաժին / Խոր ձորեր մնացին, / Հինգալա, Հինգալա»:
ՎԱՅՐԷՋՔԸ
Այսօր, միասին վայրէջք մը կատարեցինք հայոց «խոր» բառի պատմութեան խորերը: Մութ չէր անիկա, ոչ ալ՝ վտանգաւոր: Ընդհակառակը, տեսանք լուսաւոր միտքեր: Իսկ յաջորդ յօդուածիս մէջ պիտի փորձենք դուրս գալ այդ խոր ձորէն, ու երբ անցնինք գեղապաշտներու արահետէն վեր, ինչպէս խոստացայ, պիտի հասկնանք, թէ ո՛ր տաղասացի սիրտը այրեցաւ սիրոյ խորշակով, եւ ո՛ր բանաստեղծի հոգին խաւարեցաւ խոր վիշտով: Իսկ իբրեւ հրաժեշտի խօսք, կը փափաքիմ ձեզի մատուցել Փոքր Ասիոյ խորերը ծնած, Հայաստանի խորագոյն բնակավայրերու մէջ երգ ու ծիծաղ ձայնագրած Կոմիտասի «Հոյ Նազան» երգը, ուր Նազանի եկած ձորերը խոր էին, շատ խոռ…
«Հո՜յ Նազան իմ, Նազան իմ,
Ջա՜ն, Նազան իմ, Նազան իմ,
Նազան, դու բարով եկար,
Կանաչ սարերով եկար,
Խոր-խոր ձորերով եկար»: