Կրնայ տարօրինակ թուիլ, որ ինչպէս նախընտրական շրջանին, նոյնպէս եւ այսօր, ընտրապայքարի արդէն շիկացած փուլին, Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ այսպէ՛ս՝ հանգիստ ու անխռով, ինքնավստահ ու խոհուն քայլերով մասնակցիլ ՀՀ նախագահի ընտրութեան մրցավազքին։
Առաջին ակնարկով իրապէս զարմանալի կը թուի, որ Դաշնակցութիւնը այս աստիճան առանց կրքոտելու կը մասնակցի մրցավազքին, հակառակ անոր որ շատ ու շատ պատճառներ՝ խոր մտահոգութիւն առթող երեւոյթներ ճիշդ հակառակին պէտք է մղեն ընդհանրապէս ընտրապայքարին մասնակից ուժերը, յատկապէս Դաշնակցութիւնը։
Չէ՞ որ 19 Փետրուար 2008ին Հայաստան պիտի կատարէ ոչ թէ սոսկ հանրապետութեան նոր նախագահի մը ընտրութիւնը, այլ պիտի վճռէ ճակատագիրը իշխանափոխութեան այն երթին, որ տասը տարի առաջ թափ առաւ, որպէսզի ոչ միայն պահպանէ Արցախեան Ազատամարտի նուաճումները, այլեւ վերականգնէ հասարակափոխութեան հարթիչ գլանին տակ ճզմուած եւ վերանկախացեալ Հայաստանի անդրանիկ իշխանութեանց սխալներուն հետեւանքով աւերուած ու աւարուած մեր երկրի տնտեսութիւնն ու պետական ենթակառոյցը։ Փաստօրէն, այսօր, հարցականի տակ դրուած է վաղուան յառաջընթացը այն ընկերատնտեսական բարեկարգումներուն, ակներեւ աճին ու հասարակական ընդհանուր զարգացման, որոնք հնարաւոր դարձան մեր ժողովուրդի ծանր զրկանքներուն եւ հերոսական մաքառումին շնորհիւ։ Ազգային ուժերու համախմբման դրօշով տասնամեակ մը առաջ ճամբայ ելած իշխանութիւնները սկսած են, իրենց հերթին, դրսեւորել իշխանութեան ղեկը մենաշնորհի վերածելու արատաւոր վարքագիծ՝ հիմնուելով առանձնաշնորհեալներու եւ ստուերային ուժերու գործակցութեան վրայ։
Չէ՞ որ, ապա, ժողովրդային ընկալման մէջ Դաշնակցութիւնը տակաւին կը պատկերացուի իբրեւ յեղափոխական ու խստապահանջ այն գաղափարի մարտիկը, որ չի կրնար ու չի՛ համակերպիր Ազգին ու Հայրենիքին սպառնացող վտանգներուն, արտաքին թէ ներքին ըլլան անոնք… եւ անպայման կը ծառանայ անոնց դէմ։ Իսկ Մայիս 2008ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններով աւելի քան պարզ դարձած ներկայ իշխանութեանց շեղումը՝ պետական վարչամեքենան ու ստուերային ուժի տէրերը սեփական իշխանութեան վերահաստատման ծառայեցնելու մոլորանքը լրջօրէն կը վտանգեն Հայոց Պետական Տունը եւ, հետեւաբար, Դաշնակցութիւնը դէմ յանդիման կը հանեն իշխանութիւնը նոյնինքն ժողովուրդին վերադարձնելու մարտահրաւէրին, ինչ որ կը պարտադրէ անհաշտ պայքար մղելու վճռականութիւն եւ մարտունակութիւն։
Մանաւանդ որ այս անգամ եւս նախագահական ընտրապայքարը կ՚ընթանայ բորբոքած կիրքերով եւ սուր բեւեռացումով յատկանշուող մթնոլորտի մը մէջ։ Դարձեալ իշխանաւոր ճամբարը ամէն գնով կ՚ուզէ իր ձեռքը պահել մեր երկրի պետական ղեկավարման բարձրագոյն պաշտօնը։ Դարձեալ հրապարակ իջած է կարծր ընդդիմադրութիւն մը, այս անգամ 1990ականներուն արդէն փորձուած ու վարկաբեկ դէմքով իշխանաթող դարձած Լեւոն ՏէրՊետրոսեանի ՀՀՇական ճամբարի գլխաւորութեամբ, որ երկրի անկայունացման գնով իշխանութեան ղեկը կը պահանջէ…
Այս բոլորի լոյսին տակ, բնականօրէն, առաջին հայեացքով զարմանք կ՚առաջանայ, որ Դաշնակցութեան ընտրապայքարը ինչո՛ւ այսքան հանգիստ է ու անխռով, ինքնավստահ է ու խոհական։ Նաեւ՝ կը հետեւի հարցականներու ամբողջ շարք մը. ինչո՞ւ Դաշնակցութիւնը ամբողջական խզումի չ՚երթար իշխանաւոր ճամբարին հետ. ինչո՞ւ ՀՀ նախագահի դաշնակցական թեկնածուն իր քննադատութեանց թիրախ չի դարձներ իր մրցակիցները. կամ՝ երբ կը քննադատէ, ինչո՞ւ լրիւ չի մերկացներ անոնց իսկական դէմքը. ինչո՞ւ չի խօսիր ընտրազանգուածի դառնութիւնն ու ցասումը արտայայտող բարձրագոռ ձայնով…,
Բայց կը բաւէ առաջին տպաւորութենէն անդին անցնիլ՝ անդրադառնալու համար, որ նոյնինքն Հայաստանի Հանրապետութեան կեանքին շրջադարձային այս պահու հրամայականներով կ՚առաջնորդուի Դաշնակցութիւնը ընտրապայքարի իր քայլերուն մէջ։
Դաշնակցութիւնը կը գործէ այն համոզումով, որ մեր ժողովուրդը այսօր ունի 1998ի իշխանափոխութեամբ սկսած երթը շարունակելու՝ վերահունաւորելու առաջնահերթ խնդիր։ Այդ մեկնակէտով ալ Դաշնակցութիւնը հետամուտ է, որ նորովի թափ առնէ եւ ոստում կատարէ հայոց պետականութիւնը նոյնինքն մեր ժողովուրդին հարազատ դարձնելու եւ անոր հաւաքական կամքով ղեկավարուող իշխանութիւն հաստատելու պայքարը։
Իշխանութեան համար աթոռակռուի ժամանակ ու սիրտ չունի մեր ժողովուրդը։ Ազգովին կը դիմագրաւենք մեր վաղուան Օրը նուաճելու մարտահրաւէրը, որ կը պահանջէ անխտիր մեր բոլոր ուժերուն առաւելագոյն լարումը, նաեւ ու մանաւանդ՝ համազգային նման զօրաշարժը համերաշխութեամբ, միասնականութեամբ եւ արդարամտութեամբ, մաքուր ձեռքերով ու խիղճով առաջնորդող պետական ղեկավարութիւն։ Իսկ այդ ճամբուն վրայ կեղծ է ու ջլատիչ այս աստիճան կրքոտ հակադրութեամբ եւ բեւեռացումով հրամցուող երկընտրանքը անցեալին ու ներկային միջեւ, վատագոյնին եւ վատին միջեւ… Եկած է պահը լաւին ու լաւագոյնին միջեւ ընտրութիւն կատարելու, իսկ Դաշնակցութիւնը վստահ է, որ ընտրազանգուածը պատրաստ է այդ ընտրութեան։
Դաշնակցութիւնը նաեւ չ՚անտեսեր, որ համակարգային արմատական բարեփոխումներով կը պայմանաւորուի Հայոց Պետական Տան վաղուան Օրը՝ բազմակողմանի զարգացումն ու բարօրութիւնը, ազատութիւնն ու արդարութիւնը ապահովելու պայքարը։ Իսկ մօտաւոր թէ հեռաւոր անցեալէն այնքա՜ն արատաւոր ժառանգութիւն կայ կուտակուած ու ժանգ կապած, որ ո՛չ բռունցքի զօրաւոր հարուածով մը եւ ոչ ալ համաժողովրդային մեծ ոստումով մը կարելի է կառավարման ամբողջ համակարգը փոխել։ Քաղաքացիական հասարակութեան քայլ առ քայլ հասունացումն է գլխաւոր եւ ապահով երաշխիքը վաղուան մեր օրուան կերտումին։
Հասունացման վճռորոշ պահ է, այս առումով, 19 Փետրուար 2008ի նախագահական ընտրութիւնը, որուն հետ ո՛չ կ՚աւարտի եւ ոչ ալ նոր կը սկսի վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ազատ եւ արդար կեանքով ապրող հասարակութեամբ զինելու մեծագոյն պայքարը։
Ի վերջոյ ունինք նախագահական ընտրութեան համար քուէատուփ դիմող ընտրազանգուած մը, որ շատ ու շատ առանձնայատկութիւններով անկանխատեսելի հասարակութիւն է։ Ո՛չ օժտուած է գաղափարապէս եւ կազմակերպականօրէն կայացած կուսակցութիւններու համակարգով, որպէսզի կարենայ հաստատակամօրէն կողմնորոշուիլ եւ իր քուէն ըստ այնմ հունաւորել։ Ո՛չ ալ օժտուած է Օրէնքն ու Իրաւունքը հաւասարապէս եւ գործնապէս բոլորին պարտադրող պետականութեամբ, որպէսզի կարենայ իր համոզումներուն եւ նախասիրութեանց համաձայն քուէարկել եւ չվախնալ պետական վարչամեքենային կամ ստուերային իշխանութեանց… պատժամիջոցներէն։
Նման կաշկանդումներու ենթակայ մեր ընտրազանգուածին հետ հասկնալի լեզուով խօսելու եւ միասին ճամբայ կտրելու կարեւորագոյն նշանակէտին ուղղուած է Դաշնակցութեան ընտրարշաւը։ Որքան ալ ուժեղ ըլլայ կիրքերու հրահրումով ընտրազանգուած ներգրաւելու փորձութիւնը, կամ՝ որքան ալ արդիւնաւէտ թուի մրցակիցներու անխնայ մերկացումով համակրանք ձեռքբերելու քարոզարշաւը, Դաշնակցութիւնը վճռած է կառչած մնալ մեր ժողովուրդին լայն մեծամասնութեան ողջմտութիւնը շարժման մէջ դնելու, վաղուան օրը նուաճելու անոր հաստատակամութիւնը ներգրաւելու ընտրապայքարի ռազմավարութեան։
Որովհետեւ ամէն բանէ առաջ եւ վեր մեր ժողովուրդի լայն մեծամասնութեան կամաւոր եւ յանձնառու՝ աշխո՛յժ մասնակցութիւնն է գրաւականը իրաւ ընտրանք կատարելու յաջողութեան։
Որովհետեւ ազատ քաղաքացիներու ազատագրեալ քուէն հնարաւոր դարձնելու եւ արդիւնաւորելու պայքարը ամէնէն ուղիղ ճանապարհն ու վարար աղբիւրն է ինքնավստահութեան՝ գաղափարական ամէն շարժումի, յատկապէս Դաշնակցութեան համար։