Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի միջեւ վերջնական խաղաղութիւնը օգուտ պիտի բերէ ոչ միայն տարածաշրջանին, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհին, ըսաւ Ատրպէյճանի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Պիրոլ Աքկիւն՝ աւելցնելով. «Անգարա պիտի շարունակէ Պաքուի հետ բարեկամական եւ եղբայրական կապերը ամրապնդել: Մեր համագործակցութիւնը ռազմավարական բնոյթ ունի»։
Իսկ շաբաթավերջին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով իր թուրք պաշտօնակից Հաքան Ֆիտանին տեղեկացուց շրջանային ընթացիկ իրավիճակի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին ներկայ վիճակին մասին:
Միւնիխի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Պայրամով եւ Ֆիտան քննարկեցին դաշնակցային գործընկերութեան շարք մը մարզեր, ինչպէս նաեւ բազմակողմ համագործակցութիւնը ր շրջանային և միջազգային զանազան կազմակերպութիւններու շրջանակներուն մէջ, տեղեկացուց «Էյ.Փի.Էյ.» լրատուական գործակալութիւնը: