Կիրակի, 27 Յունուարի երեկոյեան, Փասատինայի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Համազգային»ի Փասատինայի «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղի վարչութեան եւ անոր Ընկերային յանձնախումբին կազմակերպած հայկական «Տոհմիկ օր» ձեռնարկը՝ նուիրուած Այնթապ, Քիլիս եւ Մարաշ քաղաքներուն:
«Համազգային»ի համար նման աւանդոյթներու ներկայացումը, ցուցադրութիւնն ու պահպանումը նորութիւն մը չէ: Մեկնելով հիմնադիրներու առաքելութենէն, «Համազգային»ի մասնաճիւղերը ամէն առիթով մշակութասէր հանրութեան կը ներկայացնեն մեր պատմական հայրենիքի բարքերն ու սովորութիւնները, թարմացնելով բոլորին մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ իրենց անցեալը, միաժամանակ ստեղծելով վարակիչ խանդավառութիւն:
«Շահան Շահնուր» մասնաճիւղը առաջին անգամ ըլլալով հանրութեան նման ձեռնարկով մը կը ներկայանար, որուն ներկայ էին Կիլիկիոյ այս երեք հայաշատ քաղաքներու պատկանող մշակութասէրներ, որոնք կրկին անգամ միասին ապրեցան իրենց նախնիներու աւանդէն մնացած քաղցր յիշատակները, ծանօթացան հայկական Կիլիկիոյ աւանդութեանց, միաժամանակ համտեսելով անոր զանազան տեսակի ճաշերը:
Օրուան հանդիսավար Վիգէն Հարպոյեան բարի գալուստի եւ շնորհակալութեան խօսքերով բացումը կատարեց ձեռնարկին եւ ապա հրաւիրեց վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Հարպոյեանը, որ իր կարգին շեշտեց թէ «Համազգային»ի համար հայկական աւանդոյթներու պահպանումը եւ տարածումը եղած է մեկնակէտ եւ խոստացաւ նման ձեռնարկներու շարունակումը: «Ազգովին կը գտնուինք զանազան մարտահրաւէրներու դիմաց, որոնց վրայ կ’աւելնան նաեւ մեր անտարբերութիւնն ու մեր մշակոյթին շուրջ համախմբուելու հրամայականը», ըսաւ ան: Խօսելով երիտասարդութեան մասին, ատենապետը շեշտաւորեց, թէ մեր անմիջական շրջապատէն ներս անհրաժեշտութիւն է անոնց ներկայութիւնը, որովհետեւ անոնք են ազգին ապագան:
Իր խօսքին աւարտին ան կոչ ուղղեց ներկաներուն համախմբուիլ «Համազգային»ի շուրջ եւ յատկապէս իրենց զաւակները առաջնորդել «Համազգային»ի նման մշակութային միութիւններուն, ուր պիտի տեսնեն, լսեն աւանդութիւն ու սորվին ճիշդը, որակաւորն ու հայկականը:
Հայրենակցական միութիւններու անունով խօսք առաւ Գէորգ Այնթապլեան, որ յատկապէս ծանրացաւ հայկական Քիլիս քաղաքին ու անոր հայութեան ու կենցաղին: Իր կարգին, Կարօ Մոմճեան անդրադարձաւ Մարաշին, իսկ Աւետիս Տէմիրճեան՝ Այնթապին:
Պէտք է ըսել, օրուան ձեռնարկին հարազատ գոյն եւ դրոշմ տալու միտումով վարչութիւնը սրահին մէկ կողմը յատկացուցած էր այս երեք քաղաքներու հնագոյն գործերու եւ ձեռագործերուն, որոնք ներկաներուն ուշադրութիւնը յափշտակեցին:
Մէկ խօսքով, «Փոքր Կիլիկիա»ի մը վերածուած էր սրահը իր ներկաներով, ճաշերով եւ ձեռային աշխատանքներով ու կենցաղով:
Պաշտօնական բաժնին նաեւ Լուսին Զէյթունցեան այս երեք նշանաւոր քաղաքներու պատմական, աշխարհագրական եւ կենցաղային կէտերն ու յատկանիշները ներկայացուց, որոնք ջերմ ծափողջոյններով ընդունուեցան ներկաներու կողմէ:
Այս բոլորի կողքին հանդիսավար Հարպոյեան, զանազան առիթներով, իւրաքանչիւր քաղաքի ներկայացման, իր կատակներով եւ հաճելի դէպքերու յիշատակումներով ձեռնարկին աւելի հաճելի մթնոլորտ մը կը ստեղծէր:
Հետաքրքրական էր նաեւ մասնաճիւղի «Լոռի» նորակազմ պարախումբի ներկայութիւնը, որուն անդամները հայկական չորս պարեր հրամցուցին, խլելով ներկաներու խանդավառ ծափողջոյնները:
Յայտագրի աւարտին շնորհիւ դէպի պատմական Հայաստան իր կատարած բազմաթիւ այցելութիւններուն, մեր այդ հայրենիքին քաջածանօթ Արմէն Արոյեան իր անձնական արխիւներէն ցուցադրեց նկարներ, սոյն երեք քաղաքներէն վերցուցած, միաժամանակ տալով անոնց բացատրութիւններն ու լուսաբանութիւնները:
Այս բոլորին կողքին, ներկաները այս բացառիկ ձեռնարկին համտեսեցին Այնթապի, Մարաշի եւ Քիլիսի աւանդական ճաշերը:
(Թղթակցութիւնը Վարչութենէն)