
ՏՈՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ

Ի՞նչ մեծ ուրախութիւն մը եւ նոյնքան ալ խոր, իմաստալից ու նաեւ մեծ հպարտութիւն մըն է հայկական կրթօճախի մը հիմնադրութեան 200ամեակը նշել։
Հայկական կրթօճախի մը օդը ներշնչող, ջուրը խմող անհատը ինքզինք չի գերադասեր ուրիշներէն եւ երբեք չի ստորադասուիր ու գիշերը գլուխը իր սնարին դնելէ առաջ, «Այսօր ընտանիքիս, ազգիս, ինքզինքիս համար դրական ինչ՜ ըրի» հարցումին պատասխանը կը փնտռէ:
Հայ վարժարանին մէջ աշակերտները նախ կը սորվին մարդասիրութիւն, ապա ինքնագիտակցութիւն եւ ուսում կը ստանան: Ըստ իս, կեանքի մէջ յաջողելու ազդակներէն են՝ մարդասիրութիւնը, ուսումը, ինքնագիտակցութիւնը, տոհմիկ կրթութիւնը, պատկանելիութեան եւ բարոյական արժէքներու գիտակցութիւնը եւ կամքը, որոնց կարելի է տիրանալ հայեցի դաստիարակութեամբ օժտուած հարազատ կրթօճախի մը մէջ։
Այսօր, մեր հասարակական, մշակութային, համայնքային ու ընկերային կեանքին մէջ բոլոր ժամանակներէն աւելի անհրաժեշտութիւնը կը զգանք մեր երիտասարդներուն մասնակցութեան: Այս կապակցութեամբ, հայ երիտասարդին հիմնական ուսումը , հայեցի դաստիարակութիւնը, հայերէնի իմացութիւնը եւ բարոյահոգեբանական հարստութիւններու գիտակցութիւնը ա՛լ աւելի կարեւոր կը դառնան։ Հետեւաբար, հայկական վարժարանին առաքելութիւնը անուրանալի է։
Այդ վարժարաններէն մէկը Մխիթարեան վարժարանի կրթօճախն է, որ այս տարի իր հիմնադրութեան 200րդ ամեակը նշելու հպարտութիւնը կ՛ապրի։
Իսթանպուլ-Փանկալթի հայկական Մխիթարեան դպրոցը հիմնադրուած է 1825ին, Վիեննայի Մխիթարեան վանքի վանականներու կողմէ, Պէյօղլու թաղամասին մէջ, 60 աշակերտով։ 1839ին, այդ շէնքը Իսթանպուլ-Պէյօղլուի մեծ հրդեհին ժամանակ ամբողջութեամբ այրած է։
Վարժարանը, որ իր կրթական գործունէութիւնը կը կատարէր Պէյօղլուի զանազան շէնքերու մէջ, 1866ին փոխադրուէր է Փանկալթիի վանքին պատկանող շէնքը եւ մինչ օրս իր կրթական գործունէութիւնը կը շարունակէ այդ շէնքի մէջ։ Դպրոցը մինչեւ 1923 կ՛ընդունէր հայ եւ օտարազգի աշակերտներ, սակայն Թուրքիոյ հանրապետութեան շրջանին օրէնքով, սկսաւ ընդունիլ միայն հայ աշակերտներ։ Դպրոցին կրթական աւագ բաժինը բացուեցաւ 1928ին, իսկ մանկապարտէզի դասարանները՝ 1932ին։ Վարժարանը հիմնադրութեան սկզբնական տարիներուն ընդունած է արական սեռի աշակերտները, իսկ 1935ին, նախակրթարանի բաժինի մէջ ու 1988ին՝ միջնակարգ ու լիսէի բաժինին մէջ, նաեւ իգական սեռի աշակերտներ սկսաւ ընդունիլ։ Դպրոցը, որ իր հիմնադրման օրէն ի վեր իր կրթական գործունէութիւնը կը շարունակէ թրքական ազգային կրթութեան նպատակներուն համահունչ, կրթած է հազարաւոր լուսաւոր աշակերտներ, որոնցմէ են՝ բանաստեղծ Զահրատ, տնտեսագէտ փրոֆ․ Արման Մանուկեան, խմբագրապետ, գրող, հրապարակագիր Ռոպէր Հատտէճեան, լեզուբան եւ գրող Սեւան Նշանեան եւ Թուրքիոյ ճատրակի դաշնակցութեան նախկին նախագահ Ժիրայր Օհանեան։ Վարժարանը այսօր կը շարունակէ իր կրթական գործունէութիւնը վարչական եւ ուսուցչական հզօր կազմով։
Աստուած, մեր կեանքէն անվերադարձ բաժնուած Մխիթարեան վարժարանի հանգուցեալ ուսուցիչներուն, միաբանութեան վարիչներուն, աշակերտներուն բոլորին հոգիներուն երկնային հանգիստ ու երկնային լուսաւորութիւն շնորհէ:
Թող շնորհաւոր ըլլայ Մխիթարեան վարժարանիս 200ամեակը եւ թող անոր օճախին ծուխը միշտ ծխայ։
Սրտանց շնորհաւորանքներով՝
Տոքթ. Սարգիս Ատամ՝
1963-64 կրթաշրջանի շրջանաւարտ