«Արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ հանդիպում ունեցաւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտըլաթիի հետ, եւ անոնք ընդգծեցին կարեւորութիւնը Ամերիկա-Եգիպտոս գործընկերութեան, որ կը ներառէ շրջանին մէջ խաղաղութեան, ապահովութեան եւ կայունութեան ամրապնդումը», յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամի Պրուս՝ աւելցնելով. «Ռուպիօ Ապտըլաթիին շնորհակալութիւն յայտնեց Եգիպտոսին` գերիներու ազատ արձակման եւ Կազայի բոլոր շրջանները մարդասիրական օժանդակութիւնը հասանելի դարձնելուն նպաստելուն եւ բժշկական տարհանման գործողութիւնները ընդունելուն համար։ Ռուպիօ անգամ մը եւս ընդգծեց յետ պատերազմեան փուլի ծրագրաւորումը ամրապնդելու համար սերտ գործակցութեան կարեւորութիւնը, իսկ գալով Կազայի մէջ իշխանութեան՝ ան շեշտեց, թէ «Համաս» շարժումը երբեք չի կրնար Կազայի վրայ իշխել կամ անգամ մը եւս Իսրայէլի սպառնալ»:
Երկու նախարարները նաեւ քննարկեցին Սուրիոյ մէջ զարգացումները, ներառեալ համապարփակ իշխանութեան կարիքը եւ արգիլելը, որ երկիրը ահաբեկչութեան կեդրոն կամ իր դրացիներուն սպառնալիք դառնայ: