Մինչ Երեւանի մէջ կը սպասեն ապաշրջափակման առաջարկներուն գծով Պաքուի դրական արձագանգին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ՝ «անոնք գործնական նշանակութիւն չունին եւ կը յանգեցնեն թիւրիմացութիւններու»: Առաջարկները երեք ամիս առաջ ուղարկուած էին Պաքու, բայց մինչ այսօր անոնք գրաւոր պատասխանած չէ տրուած, կը յայտնէ «Ազատութիւն»ը։
«Քանի դեռ չեն ասել, ո՛չ, կը ներէք, դա մեր համար անընդունելի չէ, եկէք էս տարբերակը փորձենք, մենք սպասում ենք պատասխանի», ըսաւ Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան:
Հայաստանի պաշտօնատարները ապաշրջափակման գծով հայկական առաջարկներուն բովանդակութիւնը չեն բացայայտեր: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր վերջին ասուլիսին ընթացքին ըսաւ, որ անոնք կը համապատասխանեն թէ՛ Երեւանի եւ թէ Պաքուի ակնկալութիւններուն։
Իսկ Սիմոնեան շեշտեց, որ պատրաստ են Պաքուին անխոչընդոտ ճամբայ տրամադրելու` Հայաստանի գերիշխանութեան պահպանումով։ «Մի գուցէ հնարաւոր է տարբերակ, հաշուի առնելով, որ իրենք իրենց երկրի մի մասից միւսն են գնում, այլ տարբերակով աշխատենք, օրինակ, տեղում չվճարի կառավարութեանը, հետագայում այդ գումարը հաշուարկուի փոխանցուի: Կամ, ենթադրենք, եթէ Պարսկաստանից դէպի Վրաստան գնացող բեռի համար պայմանական էդ կազմակերպութեան վրայ նստում է 1000 դրամ, էս պարագայում, հաշուի առնելով, որ մի երկրից նոյն երկիր է գնում, լինի 500 դրամ: Սրանք մանրուքներ են, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է եւ քննարկել», յայտարարեց Սիմոնեան։
Ատրպէյճան Սիւնիքով դէպի Նախիջեւան առանց ստուգումներու եւ անխոչընդոտ ճամբայ կը պահանջէ` յղում կատարելով 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան: 11 Փետրուարին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դարձեալ մեղադրեց Հայաստանը՝ ստանձնած պարտաւորութիւններէն հրաժարելուն համար:
Հակառակ անոր որ Հայաստան չէ ստացած նաեւ խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ նախորդ Նոյեմբերին Պաքուին փոխանցած առաջարկներուն պատասխանը, այս ամիսներուն երկու երկիրներու պաշտօնատարները հանդիպում չեն ունեցած, սակայն, Սիմոնեան չի կարծեր, թէ բանակցութիւնները փակուղի մտած են, բայց ան Ատրպէյճանի լռութիւնը մտահոգիչ կը նկատէ եւ կ՛ենթադրէ, որ պատճառը թերեւս Ռուսիա-Ատրպէյճան լարուածութիւնն է:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք ատրպէյճանցիները խաղաղութեան բանակցուող փաստաթուղթը Մոսկուա՞յին հետ կը քննարկեն՝ Սիմոնեան ըսաւ. «Ես չեմ կարող ասել եւ նաեւ չեմ էլ կարող բացառել որեւիցէ բան. կարծում եմ, որ ադրբեջանական կողմը հասկանում է, որ Հայաստանի անկախութիւնը, ինքնիշխանութիւնը, Հայաստանի ինքնիշխանութեան ապագան, անկախութեան ապագան եւ Ադրբեջանի ինքնիշխանութիւնն ու դրա ապագան փոխկապուած են ու դա մեր ձեռքում է, եւ մենք այսօր պատմական շանս (առիթ) ունենք այդ հարցը մէկընդմիշտ լուծել»։
Ռուս բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ նախորդող օրերուն դարձեալ առաջարկեցին Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններուն մէջ իրենց միջնորդութիւնը: Լրագրող մը հարցուց, որ կրնա՞յ ըլլալ Երեւան վերատեսութեան ենթարկէ իր մօտեցումը ու ընդունի Մոսկուայի առաջարկը: «Քիչ հաւանական եմ համարում, բայց մենք իւրաքանչիւր առաջարկ, եթէ դա կոնկրետ (յստակ) է լինում, քննարկում ենք եւ պատրաստ ենք քննարկել, բայց անցած փորձը վատ յուշեր է թողել», ըսաւ Սիմոնեան, ըստ որուն, երկկողմ ձեւաչափով եւս Երեւան եւ Պաքու կրնան հասնիլ պայմանագիրի ստորագրութեան:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան նոյն օրուան յայտարարութեան մէջ կային միայն մեղադրանքներ եւ պահանջներ: Սպառազինութիւններու վերահսկման Փաշինեանի նախորդող օրերու առաջարկին իբրեւ պատասխան՝ Պաքու յայտարարեց, որ 30 տարի Հայաստան կոպտօրէն խախտած է սպառազինութիւններու վերահսկողութեան գործիքակազմերը: Հակառակ հաւաստիացումներուն՝ ատրպէյճանական կողմը կը պնդէ, որ Հայաստան յարձակողական զէնք ձեռք կը բերէ։
«Մի քանի հատ մեքենայ ենք գնել, իրենք միլիարդներով զէնք են գնում, մի քանի մեծ երկրի հետ պատերազմելու բաւարար, ու մեզ մեղադրում են մի քանի զրահապատ մեքենայ գնելու մէջ», արձագանգեց Սիմոնեան:
Ատրպէյճան զայրացած է նաեւ Փաշինեանի գնահատականէն, թէ Պաքուի մէջ հայերու «թատերականացուած դատավարութիւններ են ընթանում», կ՛ակնկալէ, որ Հայաստանի վարչապետը ողջունէ «պատերազմական յանցագործութիւններու մէջ մեղադրուողներուն դատավարութիւնը»:
Պաքու պատասխանեց նաեւ Փաշինեանի նախորդ օրերուն հրապարակած յօդուածին մէջ արտացոլուած յայտարարութիւններուն, ըստ որոնց, Ատրպէյճան կը պատրաստուի յարձակում գործել Հայաստանի վրայ՝ այս մէկը «անհիմն նկատելով եւ իրականութիւնը խեղաթիւրելու, համաշխարհային հանրութիւնը մոլորեցնելու միտող»։
Յիշեցնենք, որ Փաշինեան իր յօդուածին մէջ գրած էր, որ՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան դէմ սպառնալիքներ գեներացւում (կը յառաջացուին) են հէնց Ադրբեջանում. ի հեճուկս Պրահայի պայմանաւորուածութեան Ադրբեջանի բարձրագոյն օղակներից հնչում են Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը կասկածի տակ առնող յայտարարութիւններ»: