Իրանի մօտ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յակոբեան հանդիպում մը ունեցաւ քաղաքական հարցերու գծով Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մաճիտ Թախթ Ռաւանճիի հետ, հաղորդեց Հայաստանի դեսպանատունը:
Քննարկուեցան Հայաստան-Իրան քաղաքական, տնտեսական, ենթակառուցուածքներու, ուժանիւթի եւ այլ ոլորտներու մէջ երկկողմ օրակարգի հարցեր, եւ անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանային զարգացումներուն:
Յակոբեան շնորհաւորեց Իսլամական յեղափոխութեան յաղթանակի 46րդ տարեդարձը եւ նշեց, որ Հայաստանի կառավարութեան եւ հայ ժողովուրդին համար իւրայատուկ նշանակութիւն ունի Իրանի հետ փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու խորացումը:
Ռաւանճի յայտնեց, որ Իրանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ յատուկ կարեւորութիւն ունի Հայաստանի հետ կապերու զարգացումը, որուն ուղղութեամբ կան բոլոր նախադրեալները:
Ան շեշտեց, որ Իրան կը շարունակէ պահպանել իր յստակ դիրքորոշումը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական դրութեան անփոփոխելիութեան վերաբերեալ: