
ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի Հայկական օրէնսդրական համախմբումին նախաձեռնութեամբ՝ այս տարի եւս տեղի պիտի ունենան Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին առիթով կազմակերպուող շարադրութեան եւ արուեստի մրցումները, որոնց կրնան մասնակցիլ Քալիֆորնիոյ բոլոր վարժարաններու 9րդէն 12րդ դասարաններու աշակերտները:
Շարադրութիւնը պէտք է գրուի Քալիֆորնիոյ մէջ յատկանշական դերակատարութիւն ունեցած հայու մը մասին, իսկ արուեստի այս տարուան մրցումին նիւթը՝ Քալիֆորնիոյ հայութեան իրագործումներէն մէկը կրնայ ըլլալ։
Շարադրութիւնները կամ արուեստի ստեղծագործութիւնները պէտք է Հայկական օրէնսդրական համախմբումին յղուին մինչեւ 28 Մարտ՝ bit.ly/2025CALCF կայքէջին միջոցաւ: Այդ կայքէջին վրայ կան նաեւ մասնակցութեան բոլոր պայմանները։
Մրցումներուն արդիւնքները պիտի հրապարակուին Հայոց Ցեղասպանութեան 110րդ տարելիցին՝ Ապրիլ 24ին։
Իւրաքանչիւր մրցումի առաջին հանդիսացողը պիտի ստանայ 1000 տոլար, իսկ երկրորդ եւ երրորդ հանդիսացողները՝ յաջորդաբար 750 եւ 500 տոլար: