Հնդկաստան կատարած աշխատանքային իր այցելութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան 11 Փետրուարին հանդիպում մը ունեցաւ Հնդկաստանի պաշտպանութեան նախարար Ռաճնաթ Սինկհի հետ:
Անոնք գոհունակութիւն յայտնեցին համագործակցութեան ներկայ մակարդակին գծով: Քննարկուեցան պաշտպանութեան ոլորտին մէջ Հայաստան-Հնդկաստան համագործակցութեան ընդլայնման կարելիութիւնները։
Նախարարները անդրադարձան նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային ապահովութեան հարցերու:
Նախարար Սինկհ «Էքս»ի իր էջին վրայ կ՛անդրադառնայ նախարար Սուրէն Պպապիկեանի հետ հանդիպումին՝ զայն նկատելով արդիւնաւէտ: «Քննարկեցինք մեր երկկողմ պաշտպանական համագործակցութեան շուրջ արձանագրուած զգալի յառաջընթացը, եւ երկուքս ալ պայմանաւորուեցանք հետագայ համագործակցութեան խորացման շուրջ», գրած է ան:
Պապիկեան մասնակցեցաւ նաեւ «Aero India» ցուցահանդէսի ծիրին մէջ տեղի ունեցող պաշտպանութեան նախարարներու` «Կառուցել դիմադրողականութիւնը միջազգային պաշտպանութեան եւ համաշխարհային ներգրաւման միջոցով» թեմայով քննարկումին:
Պապիկեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միացեալ ջանքերը կը վերաբերին ոչ միայն երկիրներու պաշտպանունակութեան բարձրացման, այլ նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային ապահովութեան, խաղաղութեան ու կայունութեան երաշխաւորման:
Պապիկեան ներկայացուց շրջանի ապահովական հարցերուն նկատմամբ Հայաստանի մօտեցումները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը:
Պապիկեան նաեւ զրուցեց Հնդկաստանի բանակի ընդհանուր հրամանատար Անիլ Չաուհանի հետ: