Իրազեկ դիւանագիտական աղբիւր մը «Նիուզ»ին յայտնեց, որ Հայաստան-Թուրքիա սահմանի Մարգարայի անցակէտը շուտով պիտի բացուի։
Ըստ աղբիւրին` անցակէտին բացումը նախատեսուած է 1 Մարտին: Նոյն ատեն կը նախատեսուի, որ անցակէտին հսկողութիւնը կատարեն Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան ուժերը:
Սակայն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքեց այս լուրը։ Առ այդ, «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանային անցակէտի բացման հարցով այս պահուն զարգացումներ չկան՝ ըլլալու պարագային խոստանալով այդ մասին հաղորդել։