10 Փետրուարին, Էլիզէի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հանդիպումը, որուն ընթացքին Փաշինեան ընդգծեց խաղաղութեան օրակարգին նկատմամբ իր երկրի հաւատարմութիւնը:
Հայաստանի կառավարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Մաքրոն ողջունեց Փաշինեանի այցելութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք Արհեստական բանականութեան գործողութիւններու վեհաժողովին մասնակցելու հրաւէրը ընդունելուն համար:
Մաքրոն նաեւ կարեւոր նկատեց Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ բազմաոլորտ համագործակցութեան շարունակական զարգացումը եւ վերահաստատեց Ֆրանսայի աջակցութիւնը` ի նպաստ Հայաստանի զարգացման եւ կայունութեան ապահովման:
Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ հիւրընկալութեան համար` ընդգծելով, որ 2024ը խիստ աշխոյժ եղած է Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւններու գծով:
«Վարչապետն ընդգծել է, որ երկու երկրների ղեկավարների եւ գերատեսչութիւնների միջեւ տեղի են ունեցել բազմաթիւ հանդիպումներ, պահպանւում են կանոնաւոր շփումներ, եւ այսօր Հայաստանի ու Ֆրանսիայի յարաբերութիւնները հասել են նոր մակարդակի», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան գործակցութեան զարգացման շարք մը հարցեր, որոնց կարգին՝ տնտեսութեան, ենթակառուցուածքներու, ճանապարհաշինութեան, ուժանիւթի, կրթութեան, զբօսաշրջութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ միացեալ ծրագիրներու իրականացման հեռանկարները:
Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին, սահմանազատման ուղղութեամբ ընթացող զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման` «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծի ծիրին մէջ:
«Նիկոլ Փաշինեանն ընդգծել է Հայաստանի կառավարութեան հաւատարմութիւնը խաղաղութեան օրակարգին: Քննարկուել են նաեւ տարածաշրջանային նշանակութեան մի շարք այլ հարցեր: Կողմերը մտքեր են փոխանակել Հայաստան-Եւրոպական միութիւն համագործակցութեան հետագայ զարգացման հեռանկարների, ինչպէս նաեւ մեր երկրում ժողովրդավարական բարեփոխումների օրակարգի շարունակական առաջմղման վերաբերեալ», կը նշուի նոյն հաղորդագրութեան մէջ: